Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ լիբանանեան բանակին դէմ կռուած յանցագործներու հետապնդումի շրջագիծին մէջ, Արսալի մէջ ձերբակալած է սուրիացի մը` Ա. Ք., որ Լիբանան հասած է 2014-ին եւ իր ընտանիքին հետ բնակած է Ուատի Հմայտի մէջ, ապա Ժապհաթ Նուսրայի կողքին կռուած է լիբանանեան բանակին դէմ:


