2017-ին Հայաստանի արտածման տասը գլխաւոր շուկաներու դասաւորման մէջ որոշակի փոփոխութիւն կատարուած է: «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Հայաստանի Ազգային վիճակագրութեան ծառայութեան տուեալները, կը հաղորդէ, որ գլխաւոր 10 շուկաներէն դուրս եկած է Քանատան, մուտք գործած է Հոլանտան: Ռուսիան կը շարունակէ գլխաւորել արտածման շուկաներու տասնեակը (24,1 առ հարիւր), Հայաստանէն արտածուող ապրանքներու շուրջ մէկ քառորդը կ՛երթայ Ռուսիա:
Ինչպէս 2016-ին, երկրորդ դիրքի վրայ է Պուլկարիան (12,8 առ հարիւր): 2017-ին` 2016-ի համեմատ, տասնեակին մէջ տեղերու բաշխուածութեան առումով եւս փոփոխութիւններ կան: Մասնաւորաբար, դէպի Զուիցերիա արտածումները աճած են 7,8, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն` 1 եւ Չինաստանինը` 0,1 տոկոսային կէտով: Միւս երկիրներու պարագային արձանագրուած է արտածումներու համեմատութեան անկում: Ընդհանուր առմամբ, 2017-ին Հայաստանէն արտածուած ապրանքներուն 25,8 առ հարիւրը ուղարկուած է ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներ, 28,2 առ հարիւրը` Եւրոպական Միութեան երկիրներ, 46 առ հարիւրը` այլ երկիրներ: Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները 2016-ի համեմատ արտածման համեմատութեան 1,5 եւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրները` 2,8 տոկոսային կէտով աճ արձանագրած են, իսկ մնացեալ երկիրները 4,3 տոկոսային կէտով նուազած են:
Հիմնական շուկաներէն բացի 2017-ին արտածման ծաւալներու աճի հետաքրքրական ցուցանիշներ արձանագրուած են քանի մը առանձին երկիրներու առնչութեամբ: Հայկական ապրանքներու արտածումը բազմապատիկ աճած է դէպի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն Դանիա (3,4 անգամ), Ֆինլանտա (11,7 անգամ), Հունգարիա (2,1 անգամ), Բրիտանիա (3,1 անգամ), Սպանիա (13 անգամ), Կիպրոս (4 անգամ), Շուէտ (5,2 անգամ), այլ երկիրներէն` Զուիցերիա (3,6 անգամ), իսկ Թայլանտ (9,2 անգամ):
Արտածման ծաւալներու անկում արձանագրուած է դէպի Ղազախստան, Պիելոռուսիա, Գերմանիա, Յունաստան, Լեհաստան, Ռումանիա, Լիթուանիա, Սլովաքիա, Պրազիլ, Իրաք, Քանատա: 2017 թուականի յունուար-դեկտեմբերին արտածման ընդհանուր ծաւալը կազմած է 2 միլիառ 242 միլիոն 868,8 հազար տոլար, աճի համեմատութիւնը 25,2 առ հարիւր է:



