ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հանդարտութեամբ քննարկեցէք ձեր բոլոր հարցերը: Ձեր աշխատանքները տակնուվրայ պիտի ըլլան: Կարելի եղածին չափ հանդարտ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր կայտառութիւնը պիտի վերագտնէք: Պտոյտի մը կամ աշխատանքային խմբակի մը պիտի մասնակցիք: Պայմանագիր մը պիտի ստորագրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Դէպքերը արագ պիտի ընթանան, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Ձեր եռանդն ու աշխուժութիւնը պիտի վերագտնէք: Ձեր սպասած պատասխանը պիտի առնէք: Շատոնց սպասուած աշխատանքը պիտի յաջողիք տանիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հին սովորութիւններէն հրաժարեցէք եւ զբաղեցէք ձեր առօրեայ աշխատանքով: Ուշ մնալէն զգուշացէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Բոլոր դիմակները պիտի իյնան, եւ դուք պիտի գտնէք ձեր անկեղծ ընկերը: Համբերող եղէք եւ թելադրանքները մանրամասնութեամբ կատարեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի բազմանան, եւ դուք պիտի տագնապիք: Ամէնօրեայ ձեր կեանքին մէջ ճնշում պիտի ապրիք: Անհոգ եւ անտարբեր մի՛ գտնուիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը պիտի ունենաք: Իրար մի՛ անցնիք դժուար կացութեան դիմաց, այլ փաստեցէք ձեր կարողութիւնները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Հանդարտեցուցէք մթնոլորտը: Յարմար շրջան մըն է` ուրիշներուն կարծիքը հարցնելու: Օգնութիւն մը պիտի ստանաք: Առարկայական մտածողութիւն ունեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Խնդիրները պիտի բարդանան: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Դատական հարցերէն հեռու կեցէք: Ձեր թշնամին զօրաւոր է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենաք: Տարբեր տեսակի պատասխանատուութիւններ պիտի ունենաք: Զգուշ եղէք եւ կանուխ գացէք գործի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յարմար առիթ է հաշտուելու, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալու եւ յարաբերելու: Ինքնավստահ էք եւ պատրաստակամ` որեւէ խնդիր քննարկելու:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Տագնապած կ’երեւիք: Շուտով մի՛ զայրանաք: Բոլորովին հեռու մնացէք վիճաբանութենէն: Տնային գործեր պիտի ունենաք:
