Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ (Գ.) («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով

Փետրուար 12, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Լ. Շ.- Նոյն այս տասնամեակը, գրական դիտանկիւնէ, կը յատկանշուի պոլսահայ երիցագոյն կամ երէց գրողներու մեկնումով: Օրինակ, Յակոբ Մնձուրին կը մահանար 1978-ին, Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչարը` 1979-ին: Պոլսահայ արդի բանաստեղծութեան հիմնադիրներէն Ա. Շաւարշը, նմանապէս, կեանքին հրաժեշտ կու տար Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, 1979-ին, իսկ Հայկազուն Գալուստեանը` Հայաստանի մէջ, 1985-ին: Այս աշխարհէն կը հեռանային նաեւ բանաստեղծներ` Եդուարդ Սիմքէշեանը (1979) ու Մկրտիչ Հաճեանը (1985, Մեքսիքա), վիպագիր Զաւէն Պիպէռեանը (1984), պատմուածագիր Սոնա Տէր Մարգարեան-Թնկըրեանը (1986, Քանատա), մամլոյ վաստակաշատ սպասաւոր Աւետիս Ալիքսանեանը (1984, Փարիզ):

Մեկնող այս գրողներէն որո՞նք աշխատակից ու գործակից էին «Մարմարա»-ի ու, հետեւաբար, բաց մը, պարապութիւն մը կը յառաջացնէին իրենց ետին:

Միւս կողմէ, չեմ կրնար մոռնալ, որ նոյն այս տարիներուն «Մարմարա»-ի ընտանիքին կու գար միանալու երիտասարդ ու խանդավառ թարմատի ուժ մը` Մաքրուհի Պ. Յակոբեանը: Ան 1977-1986 մասնակիօրէն, իսկ 1986-էն սկսեալ ալ մնայուն կերպով իր պատուաւոր տեղը կը գրաւէր «Մարմարա»-ի նաւուն մէջ: Ուրեմն, ճիշդ քառասուն տարուան ծառայութիւն մը խնդրոյ առարկայ է այստեղ, ու կը խորհիմ, որ բացառիկ երեւոյթ մըն է ասիկա թերթին աւելի քան 75 տարուան պատմութեան մէջ: Դուք ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի չորս տասնամեակներու վրայ երկարող լրագրական գործունէութիւնը:

Ռ. Հ.- Թուականներն ու անունները ինձմէ աւելի լաւ կը յիշես: Բայց եթէ հարցումիդ պիտի պատասխանեմ արժանավայել կերպով, այն ատեն պէտք պիտի ըլլայ նոր գիրք մը գրել:

Ո՞ր մէկը պիտի յիշենք, ո՞ր մէկուն կարօտը պիտի չզգանք մեր սրտին մէջ…

Երբ կը ստանձնէի այս թերթին պատասխանատուութիւնը, ուրեմն` ճիշդ յիսուն տարի առաջ, անհամար աշխատակիցներ ունէինք: Կուտ ունեցող, ըսելիք բան ունեցող, իրենց մայրենին շատ լաւ գիտցող աշխատակիցներ: Արդէն, ճիշդն ըսելու համար, այդ շրջանին հայերէն գիտնալու կամ չգիտնալու հարց մը այնքան հրատապ չէր, որքան հրատապ է այսօր: Ինչպէս որ գրեթէ ամբողջ համայնքը հայախօս էր, մեր բոլոր աշխատակիցներն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, իրենց լեզուին կը տիրապետէին: Կը յիշեմ, որ երբ «Մարմարա»-ի 45-րդ տարեդարձը կը տօնէինք (1985) ու մեր աշխատակիցները հրաւիրած էինք հաւաքական լուսանկարի մը` գլխաւորութեամբ Շնորհք պատրիարքին, որ մեր առաջնակարգ աշխատակիցներէն մէկն էր իր հիւթեղ ու ազգաշունչ յօդուածներով ու գիրքերով. հաւաքական լուսանկարը, լաւ չեմ յիշեր, բայց մօտաւորապէս յիսուն աշխատակիցներ քով քովի բերած էր: Ասոնք միայն մեր քաղաքի աշխատակիցներն էին. կային նաեւ արտասահմանէն գրողներ: Որքա՜ն երջանիկ խմբագիր եմ եղեր ու չէի գիտեր, չէի մտածեր, որ օր մը մեր քաղաքին մէջ մեր աշխատակիցներուն թիւը մէկ ձեռքի մատներուն վրայ պիտի համրուէր… Ահաւոր անկում: Յակոբ Մնձուրի մը, Յակոբ Մարթայեան մը, Զաւէն Պիպէռեան մը եւ` ասոնց նման ի՜նչ արժէքաւոր գրողներ: Այդ շրջանի երկրորդական, երրորդական դէմքերն անգամ այսօր առաջնակարգ գրիչներ պիտի նկատուէին, եթէ գոյութիւն ունենային: Ես, որ այնքան երջանիկ էի յիսուն տարի առաջ այդքան մեծ թիւով աշխատակից ունենալով, այսօր որքա՛ն դժբախտ եմ, որ շուրջս ամայութիւն կը տիրէ…

Կարճ խօսքով, Պոլիսը չկրցաւ տալ իրմէ սպասուածը:

Բայց այստեղ հրաշք մը կայ: Հակառակ վերի պատկերին` մենք կը շարունակենք մեր լինելութեան, մեր մշակոյթին, մեր գրականութեան այնքան ծառայել, որքան կը ծառայէինք յիսուն տարի առաջ: Եթէ մենք հոս աշխատակից չունինք, մեզի օգնութեան կը հասնին գէթ արտասահմանի մեր բազմաթիւ գրողները, մեզի օգնութեան կու գան նաեւ դա՛րձեալ անոնք, որոնք յիսուն տարի առաջ կային ու հիմա չկան: Իրենք չկան, բայց իրենցմէ մնացած գո՛րծը կայ, ու մեր գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն ալ արդէն անոնց գործը ապրեցնելն է: Ապրեցնել` ո՛չ թէ միայն սիւնակ լեցնելու համար, այլ` այդ անուններն ու անոնց գործերը նոր սերունդներուն ալ ծանօթացնելու համար: Ժողովուրդները միայն իրենց ներկայով չէ՛, որ կ՛ապրին, այլ կ՛ապրին նաեւ իրենց անցեալով:

Ինչ կը վերաբերի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանին, անիկա մէկն է նախախնամութեան կողմէ մեզի ղրկուած ուժերէն: Ան հայոց լեզուի նուիրեալ ու հմուտ ուսուցչուհի էր, երբ առաջին անգամ սիրայօժար մերձեցումով մեր խմբագրատունը եկաւ ո՛չ թէ ինծի օգնելու համար, այլ` օգնելու համար մեր անձնակազմէն Արմենուհի Թերզեանին: Սիրայօժար աշխատանք էր անորը: Մաքրուհին դասերէ ետք խմբագրատուն կու գար Արմենուհիին օգնելու, միաժամանակ վայելելու համար Եդուարդ Սիմքէշեանի ներկայութիւնն ու զրոյցները: Սիրեց խմբագրական աշխատանքը, սիրեց խմբագրատան մթնոլորտը, սիրեց մեր աշխատանքը ու օր մըն ալ իմ հրաւէրով դարձաւ մեր մնայուն գործակիցը, եղաւ իմ ամբողջ գրականութեան առաջին ու վստահելի ընթերցողը: Ան շատ լաւ կը տիրապետէ մեր մայրենիին: Անվարան կրնամ ըսել, որ այդ թուականէն մինչեւ այսօր իմ լեռնակուտակ գրականութեան մէջ չկայ երկու տող, որ առաջին անգամ Մաքրուհին կարդացած չըլլայ: Միասնաբար կը կարդանք, եւ ուշադիր եմ իր հակազդեցութիւններուն: Կեանքիս մէջ երբեք սովորութիւնը չունեցայ ամէնէն մերձաւորիս իսկ հարցնելու, որ իմ մէկ գրածը հաւնեցա՞ւ, թէ՞ ոչ. բայց կարծես իւրաքանչիւր գրութիւնս, հրատարակուելէ առաջ, կ՛անցնէր Մաքրուհիին վաւերացումէն: Ի՛նք ալ լաւ ու զգայուն գրիչ ունի. կը գործածէ սահուն ու մաքրամաքուր լեզու մը, որ ժառանգած է իր ուսուցիչներէն, յետոյ զայն որպէս հայերէնի ուսուցիչ` բաշխած է հազարաւոր աշակերտներու: Ան հայերէնը իր վրայ պահած ու գործածած է որպէս իր կեանքին գոյն ու իմաստ տուող ամենաթանկագին մասունք:

Մե՜ղք, որ աւելի յաճախակի կերպով չի գործածեր այդ գրիչը:

Մաքրուհին բեղմնաւոր նուիրումով անգնահատելի ներդրում ունի «Մարմարա»-ի պատմութեան էջերուն մէջ: Ան «Մարմարա»-ի նախկին խմբագիրներէն կը զատորոշուի իր այն մասնայատկութեամբ, որ ուղիղ քառասուն տարիէ ի վեր, անխափան իր կեանքը նուիրելով հայ տիպ ու տառին, իմ կողքին կանգնած է` որպէս իմ գլխաւոր աջակիցը, իմ յիսուն տարուան խմբագրապետութեան կեանքի գլխաւոր ուղեկիցը:

Բայց ինծի համար ան ունի ուրիշ արժէքաւոր յատկութիւն մըն ալ: Իմ մամուլի ու ազգային ծառայութեան մէջ իմ ամէնէն անխարդախ ու վստահելի բարեկամներէն մէկն է ան, իմ իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպանը, իմ առաքելութեան քարոզիչը:

Լ. Շ.- Դարձեա՛լ պիտի ուզէի պտտկիլ այս բախտորոշ տասնամեակին շուրջբոլորը: Գրական դիտանկիւնէ` ճակատագրական անկիւնադարձ մը պիտի կատարէիք 1981-ին, երբ նոյն տարուան օգոստոս 4-ին «Մարմարա»-ի Ա. էջին վրայ պիտի երեւէր ձեր անդրանիկ «Յուշատետր»-ը: Նոր վերնագիր մըն էր ասիկա ու նոր սիւնակ մը: Ո՛չ ոք, թերեւս` ոչ իսկ դուք, կրնար երեւակայել, որ այդ նորահաստատ սիւնակը գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի շարունակէր զարդարել թերթին ճակատը` տասնամեակներու անխափան հետեւողութեամբ, ահա արդէն` 36 տարիէ ի վեր:

Այսպիսի երկարատեւ, մնայուն, համաչափ ու կարգապահ սիւնակի մը գոյութիւնը, ինքնին, եզակի եւ իրապէս բացառիկ երեւոյթ մըն է ո՛չ միայն պոլսահայ, այլեւ բովանդակ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: «Յուշատետր»-ը իր գրականաշունչ բնոյթով ու մարդ անհատին միտքն ու զգացումները ջրդեղող սրտախօսիկ պարունակութեամբ, այլեւ` իմաստասիրական եւ հոգեբանական խորասոյզ թափանցումներով, ամէն տարիքէ ընթերցողներու շատ մեծ բանակ մը առած-տարած է իր ետեւէն… Պիտի համարձակիմ ըսել, որ «Մարմարա»-ի հմայքը եւ անուշութիւնը առաւելաբար «Յուշատետր»-ին շնորհիւ է:

Տասնամեակներ առաջ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթն ալ ունէր «տոմս»-երու շատ ժողովրդային սիւնակ մը, որուն տէրն ու տանտէրը «Եւրոպացի» գրչանունին ետին թաքնուած Ժիրայր Միսաքեանն էր, եղբայրը` Շաւարշ Միսաքեանի: Ու կ՛ըսուի, որ այս զուարթախոհ քրոնիկագիրին ստորագրած «տոմս»-երուն թիւը հասած էր շուրջ 3000-ի: Անշուշտ, ունեցած ենք բեղուն գրչի տէր այլ սիւնակագիրներ եւս, աստ ու անդ: Բայց ձեր «Յուշատետր»-ը սովորական «տոմս»-ի մը տարազն ու միջուկը չունի արդէն. տարբե՜ր է անիկա բոլորէն: Ձերը գրական նորագիւտ սեռ մըն է անկասկած, որ երեքուկէս տասնամեակի վրայ տարածուող իր ծաւալով հասած է շշմեցուցիչ համեմատութիւններու: Պարզ հաշւումով մը` առ այսօր գրած էք շուրջ 8500 սիւնակ «Յուշատետր»: Հետեւաբար «Յուշատետր» բառը այլեւս անխզելիօրէն նոյնացած է ձեր անունին հետ: Կը գրէք զարմանալի արագութեամբ ու դիւրութեամբ, հեղեղանման տարափով, խորհրդածութեան արժանի ուսուցողական տարաբնոյթ նիւթերու շուրջ: Առիթով մը ըսած էիք. «Չկայ նիւթ մը, որուն մասին մարդ ըսելիք չունենայ: Բացէ՛ք բառարանը եւ ըստ բախտի բառ մը ընտրեցէք: Էջե՜ր կարելի է գրել այդ բառին վրայ, յանկարծակի եւ ինքնաբուխ: Կը բաւէ, որ ձեր ամբողջ զգացական ու մտածումի աշխարհը յանկարծ շարժման անցընէք այդ բառին շուրջ»:

«Յուշատետր»-երը առանձին հատորներու մէջ մէկտեղել սկսած էք 1982-ին իսկ (Ա. հատոր): Հատորներուն թիւը տասի հասած էր արդէն 1987-ին: Անցնող սա վերջին երեսուն տարիներուն, մինչեւ օրս, քանի՞ նոր հատոր կրցաք լոյս ընծայել:

Միւս կողմէ` կը նկատեմ, որ 80-ականներէն ետք գրական այլ սեռեր գրեթէ չէք մշակած, թերեւս` ի բաց առեալ «Առաստաղ» վէպին Բ. հատորէն, որ տպուեցաւ 2000-ին: «Մարդոց մեծութեան եւ խեղճութեան մասին» խորագրեալ պատմուածքներու ձեր վերջին ժողովածուն ալ տպուած է 1979-ին` իր կողքին տակ ամփոփելով գրութիւններ, որոնք բոլորն ալ կու գային 50-ական ու 60-ական թուականներէն: Կրնա՞նք ըսել ուրեմն, թէ բեղմնաւոր գրողի ձեր կիրքը, այլեւ` ճաշակն ու նախասիրութիւնը, իրենց գոհացումը ի վերջոյ գտան «Յուշատետր»-ի գրանկարներուն մէջ եւ, ուստի, գրական բոլոր սեռերը վարպետօրէն սկսաք շաղախել այնտեղ, ա՛յդ աւազանին մէջ:

Ռ. Հ.- Սիրելի՛ Շառոյեան, դուն ինձմէ շատ աւելի լաւ կը յիշես: Ճիշդ է` 1981 թուականի 4 օգոստոսը անկիւնադարձ մըն է ինծի համար: Ո՛չ թէ միայն անոր համար, որ այս «Յուշատետր» սիւնակով մրցանիշ մը պիտի կոտրուէր մեր մամուլի կեանքէն ներս, այլ նաեւ այս սիւնակով պիտի առաջարկուէր գրական-հրապարակագրութեան նոր տեսակ մը, որ թերթի մը առաջին էջին վրայ ամէն օր կը ժամադրուէր ընթերցողներուն հետ: Երբ «ամէն օր» կ՛ըսենք, կը հասկնանք մինչեւ այսօր` 36-37 տարի:

Այո՛, «Յուշատետր» սիւնակը 1981-ին, «Մարմարա» օրաթերթի առաջին էջին վրայ, հրաշք անկիւնադարձ մը եղաւ իմ մամուլի ու գրական աշխատանքիս մէջ: Պիտի համարձակիմ ըսել, որ ասիկա անկիւնադարձ մըն էր ո՛չ միայն իմ սեփական անձիս համար, այլ նաեւ` ամբողջ հայ մամուլին ու գրականութեան համար: Թերեւս առաջին անգամ էր, որ հրապարակագրութիւնը այսքան, ամէնօրեայ ձեւով, կը միանար գրականութեան հետ ու կը բազմէր թերթի մը առաջին էջին վրայ: Իմ սիւնակը եկաւ ապացուցելու, որ հրապարակագրութիւնն ու գրականութիւնը աւելի համով կը դառնային, եթէ վարպետօրէն միացուէին իրարու:

Ամբողջ կեանքս նոր ուղղութիւն առաւ «Յուշատետր» սիւնակի ստեղծումով: Եւ որքան զարմանահրաշ է, որ այս շատ բախտորոշ իրականացումը ծնունդ առած էր շատ սովորական միջադէպէ մը: 1981 թուականի օգոստոսին որոշած էինք յաւելում ընել թերթին գինին վրայ: Հակառակ որ արդէն շատ աժան էր թերթին գինը, ընթերցողները շատ զգայուն էին եւ միշտ կը գանգատէին, որ պէտք չէ գինի յաւելում ընէինք: Այս պատճառով մտածեցի, որ լաւ կ՛ըլլար, եթէ նոր սիւնակ մը հաստատէի եւ ատով թեթեւցուցած ըլլայի թերթին գինին յաւելումին դէմ հակազդեցութիւնը: Այսպէս է, որ ստեղծեցի «Յուշատետր» սիւնակը: Բայց կրնայի՞ մտքիս ծայրէն իսկ անցընել, որ այդ փոքրիկ սիւնակը շուտով պիտի մեծնար, վերջնական ձեւ մը պիտի ստանար ու, այնուհետեւ, ամէն օր պիտի քալէր թերթին հետ:

Իրաւունք ունիս. 37 տարիէ ի վեր ամէն օր կը շարունակուի: Հաւանաբար 8000 յօդուածը անցած է: Ո՛չ մէկը պիտի կարենայ համրել ատիկա. ո՛չ ալ ես: Այլեւս պատմութեան կը պատկանի: Ամէն ընթերցող այս սիւնակին մէջ ինքն իրմէ բան մը պիտի գտնէ: Ինչպէս ընթերցողներս  կ՛ըսեն, «Յուշատետր»-ի մէջ ես կը տեսնեմ ամէնուն տեսածը, բայց կը գրեմ այն, ինչ որ իրենք չէին մտածած:

Ճիշդ է, «Եւրոպացի»-ն` Միսաքեանը, հիանալի սիւնակագիր էր, շատ յաճախ արտատպումներ ըրած եմ անկէ, բայց այդ մէկը տարբեր խմոր ունէր: Դուն գրեր ես, ես ալ պիտի կրկնեմ. ուշադիր եւ դիտել գիտցող գրագէտի մը համար չկայ նիւթ մը, որուն մասին շատ բան գրել կարելի չըլլայ: Ես կը տեսնեմ այն, ինչ որ ընթերցողը չէ տեսած, երբ անցած է բանի մը քովէն:

Հազարաւոր «Յուշատետր»-եր կան, որոնք հին թուականներուն տպուած ըլլալով` դեռ գիրքի վերածուած չեն, ու դժբախտաբար հաւանական ալ չէ, որ վերածուին: Վերջին տարիներու ընթացքին ստիպուեցայ գիրքի վերածել շարունակական նիւթերը` 10 հատոր «Պտոյտ հայ գրականութեան  քուլիսներուն մէջ», 10 հատոր` «Պտոյտ մը հայոց լեզուի բառարանին մէջ»:

Այս օրերուն «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն» շարքի 3 հատորներէն առաջինը տպուեցաւ: Միւսները կը սպասեն իրենց կարգին եւ մաղթելի է, որ այդ կարգը գայ:

(Շար. 3)

Նախորդը

Նոր Գործելադաշտ Մը ՀՅԴ-ին Համար

Յաջորդը

Դիմաւորել 100-ամեակը-5. Ոգեկոչումը Կ՛ունենա՞յ Միասնութեան Խորքային Եւ Ոգեկան Ներուժ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?