ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իսրայէլ չի հանդուրժեր, որ Լիբանան իրանեան հրթիռներու մարտկոցի վերածուի:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ քննարկեց մարմնակրթութեան վերաբերող հարցեր, որոնք կը յուզեն Աքքարն ու Մեթնը:
ԱՆՁՆԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ երկուշաբթի, 5, երեքշաբթի, 6 եւ չորեքշաբթի, 7 փետրուարին յայտարարուած դասադուլը տակաւին ի զօրու է: «Կը զգուշացնենք բաց գործադուլէն», ըսաւ ան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ ընթրիք մը սարքած է ի պատիւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի: Ընթրիքին ընթացքին քննարկուած են երեսփոխանական ընտրութիւնները, յատկապէս Ալէյի մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցիչին վերաբերող հարցեր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ հաստատեց, որ տակաւին շատ կանուխ է ընտրական դաշինք յայտարարելու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար մաղթեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը լուծելու իմաստով վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերը յաջողին:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ հաստատեց, որ ինք իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հաւանական է, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ 2-ի ընտրացանկը յայտարարէ 14 փետրուարին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Ղովմի կուսակցութիւնը կը ծրագրէ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուրի թեկնածութիւնը առաջադրել Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանի յոյն կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցչութեան համար:
ԸՍՏ «Ախպար»-ի, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտի թեկնածութիւնը պիտի առաջադրուի Հըզպալլայի կողմէ` Պաալպեք-Հերմել ընտրաշրջանէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Համասի պատասխանատուներէն Մոհամետ Համտանի դէմ գործուած մահափորձին մասին բացուած հետաքննութիւնը յանգած է բացայայտելու այդ դէպքին պատասխանատու իսրայէլացի երկու սպաները:
«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա այցելած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին ոչ մէկ անդրադարձ կատարուած է:
«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Համասի ղեկավարներէն Մոհամետ Համտանի դէմ գործուած մահափորձի մեղսակից գործակալ Մոհամետ Հաժժարի ձերբակալումը եւ անոր խոստովանութիւնները բացայայտած են բազմաթիւ տեղեկութիւններ, որոնք գանձի մը համազօր են:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կը մերժէ մասնակցիլ` աւելցնելով, որ ինք կը սպասէ ընտրացանկերուն յայտարարութեան, որպէսզի ըստ այնմ որոշէ, թէ որո՛ւն պիտի զօրակցի:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը տեղի ունենայ մինչեւ 14 փետրուար:


