Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԼԷՅԶԸՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ՄԱՐԶԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

November 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տանիէլ Կլէյզըր եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման հարցերու օգնական Տանիէլ Կլէյզըրը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի պահանջեց, որ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման մարզին վերաբերող որեւէ հարց քննարկուի Կեդրոնական դրամատան հետ:

Այս ծիրին մէջ, Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տրուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին Կլէյզըր կոչ ուղղած է Լիբանանի ամբողջացնելու միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին հետ գործակցելու եւ զայն ֆինանսաւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Կլէյզըր շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի որդեգրելու այնպիսի կարեւոր քայլեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն ելեւմտական թափանցիկ եւ կարգաւորուած մարզի մը ստեղծումը, ինչ որ երկրին համար բարգաւաճում կ՛ապահովէ:

Կլէյզըր զգուշացուց լիբանանեան իշխանութիւնները Դամասկոսէն փախցուած գումարները լիբանանեան դրամատուներուն մէջ պահ դնելու հաւանականութենէն: Ան կարեւոր նկատեց, որ Սուրիոյ մէջ ներկայիս տիրող ապահովական ապակայունութիւնը իր ազդեցութիւնը չունենայ Լիբանանի ելեւմտական մարզին վրայ:

Վարչապետը ընդունեց նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց պետական պիւտճէի ծրագիրը եւ անոր մէջ արձանագրուած նիւթական բացը, պետական գանձարկղի նիւթական բացը, ինչպէս նաեւ պետական պիւտճէի նոր նախագիծին լոյսին տակ պարտադրուելիք նոր տուրքերուն թղթածրարը:

Թարապէյ յայտնեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան եւ տնտեսական խորհուրդներուն հետ ընթացող բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր` ճշդելու համար նուազագոյն աշխատավարձն ու արձանագրուելիք յաւելումներուն հարցը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, որ վարչապետին հետ քննարկեց նախարարութեան գործադրելիք ծրագիրները:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի, որ նախանցեալ երեկոյեան Մեծն Բրիտանիա իր այցելութենէն ետք վերադարձաւ Պէյրութ, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ լիբանանեան իշխանութիւնները կասեցուցած են Սուրիայէն Լիբանան գաղթած քաղաքացիներուն մատուցուող մարդասիրական օժանդակութիւնները: Միքաթի նշեց, որ ապատեղեկատուութեան այս արշաւը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:

Ըստ վարչապետին, Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդը վերջին հանգրուանին բազմապատկած է իր աշխատանքը եւ սուրիացի գաղթականներուն մատուցած մարդասիրական բազմաթիւ օժանդակութիւններ:

Այս ծիրին մէջ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդ. Իպրահիմ Պաշիրի հետ եւ իր ցուցմունքները տուաւ` սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու եւ անոնց մարդկային տարրական կարիքները հոգալու համար:

 

Նախորդը

ՀԱՐԻՐԻ. «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵՒՈՐ Է ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ»

Յաջորդը

ՂՈՍԸՆ. «ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄ ԱՐՇԱՒՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՏԿԱՐԱՑՆԵՆ ԱՆՈՐ ԿԱՄՔՆ ՈՒ ԿՈՐՈՎԸ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.