Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ունեցաւ Իր Պաշտօնավարութեան Վերջին Ելոյթը. «Արցախեան Տագնապը Լուծելու Ժամանակը Շատոնց Հասունցած Է»

Յունուար 25, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սթրազպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի լիագումար նիստին, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով եւ պատասխանեց խորհրդարանականները հետաքրքրող հարցումներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Անցեալ անգամ պատիւ ունեցած եմ ելոյթով հանդէս գալու այս բարձր ամպիոնէն 2013-ին, երբ Հայաստանը կը նախագահէր Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն: Այդ առաքելութիւնը կարեւոր էր Եւրոպական  խորհուրդի ընդարձակ ընտանիքին մէջ մեր համարկումի տեսանկիւնէն: Կը կարծեմ` մենք այդ գործը պատուով իրականացուցինք:

25 յունուարը այն օրն է, երբ մենք 17 տարի առաջ անդամակցեցանք Եւրոպական խորհուրդին: Երբ կ՛անդամակցէինք համաեւրոպական այս կառոյցին, լիովին կը գիտակցէինք, թէ ի՛նչ ճամբայ ունինք անցնելիք: Կը գիտակցէինք նաեւ, որ ժողովրդավարութեան կառուցումն ու ամրապնդումը առանց Եւրոպական խորհուրդի կառոյցներու  աջակցութեան եւ անմիջական մասնակցութեան դիւրին պիտի չըլլային»: Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, թէ քաղաքական կամքի ու միացեալ  կառուցողական աշխատանքի շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթահարել բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ հասնիլ խորքային բարեփոխումներու:

Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց. «Այսօր վեհաժողովի այս դահլիճին մէջ, հպարտութեամբ կրնամ յայտարարել. մենք կատարած ենք Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ստանձնած` Հայաստանի ժողովրդավարացման հիմնական յանձնառութիւնները: Ասիկա միայն մեր պնդումը չէ: Ժողովրդավարական հաստատութիւններու կայացման ուղղութեամբ մեր արձանագրած յաջողութիւնները ճանչցուած են Եւրոպական խորհուրդի համապատասխան մարմիններուն զեկուցումներով»:

Անդրադառնալով Վենետիկի յանձնաժողովին հետ Հայաստանի համագործակցութեան` հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, որ փորձագիտական կարծիքի հիման վրայ լրամշակուած էր սահմանադրական բարեփոխումներու ծրարը: Աւելցնելով, թէ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտին մէջ  արդիւնաւէտ այս աշխատանքը մինչեւ այսօր կը շարունակուի` բարեփոխուած Սահմանադրութեան ներքեւ բազմաթիւ  նոր օրէնսդրական լուծումները կեանքի կոչելու հոլովոյթով:

Նոյն ծիրին մէջ, նախագահը յայտնեց. «Մենք կարեւոր կը նկատենք Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) դերը, որուն որոշումներն ու վճիռները կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենան մեր երկրին մէջ  արդարադատութեան որակի բարձրացման առումով: ՄԻԵԴ-ի որոշումներուն հիման վրայ կատարած ենք շարք մը օրէնսդրական բարեփոխումներ: Մեր այդ աշխատանքը աննկատ չ՛անցնիր. ՄԻԵԴ-ի վճիռները պատշաճօրէն եւ հետեւողականօրէն կատարելու հարցով Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներու յառաջատարներէն մէկն է: Հաւատացած ենք, որ մարդու իրաւունքներու պատշաճ երաշխաւորումն ու ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդումը չեն կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ` առանց փտածութեան դէմ անզիջում պայքարի: Մենք լրջօրէն տրամադրուած եւ յանձնառու ենք շարունակելու մեր համակարգային եւ հետեւողական ամէնօրեայ աշխատանքը`  փտածութեան ախտը արմատախիլ ընելու ուղղութեամբ»:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցին` նախագահ Սերժ Սարգսեան պատմական ներկայացում մը կատարելէ ետք ըսաւ. «Եւրոպական խորհուրդին անդամակցելէ ետք` Հայաստանը պարտաւորութիւն ստանձնեց նաեւ հետամուտ ըլլալու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու` շարունակելով այդ նպատակով գործադրել իր ազդեցութիւնը Արցախի վրայ»:

Շարունակելով իր խօսքը Արցախի տագնապին մասին` նախագահ Սարգսեան նշեց. «Արդարութեան պակասի եւ բնաջնջման սպառնալիքի պայմաններուն մէջ Արցախը չունէր որեւէ այլ ելք, քան ինքնապաշտպանութեան դիմելը: Այստեղ եւս ես առաջին շարքերուն մէջ եղած եմ եւ ոչ մէկ վայրկեան կ՛ափսոսամ ժամանակին կատարած իմ ընտրութեան համար»:

«Տագնապը լուծելու ժամանակը շատոնց հասունցած է: Անհրաժեշտ է խստագոյնս պահպանել հաստատուած զինադադարի դրութիւնը եւ կատարել նախապէս ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւնները: Հանգուցալուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ եւ յաղթահարէ արդարութեան պակասը: Ես այս հարցով նոյնպէս առաջին շարքերուն մէջ պիտի ըլլամ, ուր ալ գտնուիմ: Կողմերը պէտք է միասին ստանձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման պատասխանատուութիւնը` գտնելով փոխզիջումային հանգուցալուծում:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ ընթացող բանակցային հոլովոյթը այս տագնապի լուծման միջազգայնօրէն համաձայնեցուած միակ ձեւաչափն է: Այս ձեւաչափին բազմիցս իր աջակցութիւնը յայտնած է միջազգային հանրութիւնը, այդ կարգին նաեւ Եւրոպական խորհուրդը: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ստանձնած յանձնառութիւնը կը պահանջէ հակամարտող բոլոր կողմերուն միացեալ ջանքերը:

«Սակայն Ազրպէյճան ակնյայտօրէն պատրաստ չէ անոր: Ապրիլ 2016-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւնը ուղեկցուեցաւ  խաղաղ բնակչութեան եւ ռազմագերիներու դէմ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի աղաղակող խախտումներով: Ատիկա ծանր հարուած էր բանակցային հոլովոյթին, որ արթնցուց Սումկայիթի ջարդերուն մասին սոսկալի յուշերը:

«Վեհաժողովի բոլոր անդամներուն կոչ կ՛ուղղեմ գիտակցելու, թէ ի՛նչ բացասական հետեւանքներ կրնան ունենալ անզգուշ կամ կողմնակալ ձեւակերպումները Արցախի մէջ առկայ առանց այդ ալ փխրուն կայունութեան վրայ:

«Պատերազմի մնայուն վտանգին ներքեւ Արցախը կը շարունակէ ժողովրդավարութիւն կառուցել եւ խրախուսել մարդու իրաւունքներու  պաշտպանութիւնը: Այս բոլորին մէջ Հայաստանը թեւ ու թիկունք պիտի ըլլայ Արցախին, հետեւողականօրէն պիտի պաշտպանէ Արցախի շահերը եւ իրաւունքները, պիտի նպաստէ Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման», հաստատած է նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը իր ելոյթին ընթացքին չշրջանցեց նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) Հայաստանի անդամակցութեան նիւթը` շեշտելով, որ ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ ԵՏՄ-ին անդամակցութիւնը խոչընդոտ չէ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համար: Ի դէպ` պատասխանելով եւրոպացի պատգամաւորի հարցումին, թէ Հայաստանը ինչպէ՛ս պիտի համատեղէ  ԵՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը, նախագահ Սերժ Սարգսեան շեշտեց, թէ անոր համար շատ պարզ  նախապայման կայ` անկեղծութիւնը:

«Պէտք է անկեղծ ըլլալ գործընկերներուն հետ, չթաքցնել բանակցութիւններու ընթացքը: Ես կը կարծեմ, որ ապագային սերտօրէն համագործակցութիւն պիտի ըլլայ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ», նշեց ան:

Աւելցնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդին մէջ խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի` խորհրդարանական կառավարման  անցնելու կարեւորութեան մասին, վստահեցնելով, որ այդ համակարգը պիտի նպաստէ ժողովրդավարութեան զարգացման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի հաշուետուողական ըլլալու:

Նախորդը

Կարապետեան Կ՛ընդառաջէ Լիբանան Այցելութեան Հարիրիի Հրաւէրին

Յաջորդը

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?