23 յունուար 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը: Այս մասին կը հաղորդէ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը:
Ողջունելով նոր նշանակուած դեսպանը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ընթացքին աւելի պիտի զարգանան: Նախարարը կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ մշակութային կապերու աշխուժացումը: Երկուստեք կարեւոր նկատուեցաւ մեծ սփիւռք ունեցող երկիրներու փորձառութեան փոխանակումը: Քննարկուեցան սփիւռքի մէջ ազգային ինքնութեան վերակերտման, ներուժի յայտնաբերման վերաբերեալ ձեռնարկները եւ ծրագիրները: Նախարարը ներկայացուց նախարարութեան պետական քաղաքականութիւնը, գերակայ խնդիրներն ու ընելիքները:
Լիբանանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ առաջին անգամն է, որ Հայաստան կը գտնուի եւ շատ տպաւորուած է: «Լիբանանի մէջ հայկական մեծ, կազմակերպուած համայնք կայ, որուն ներկայութիւնը շատ կարեւոր է երկրի կայունութեան պահպանման համար: Հայերը շատ մեծ ներդրում ունին երկրի քաղաքական, տնտեսական, մշակոյթի եւ կրթութեան մարզերուն մէջ», աւելցուց դեսպան Մայա Տաղեր:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ 2018-ն Հայաստանի համար շատ կարեւոր յոբելենական տարի է. պիտի նշուին Երեւանի 2800-ամեակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակը, ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Լիբանանի մէջ, պիտի ցուցադրուին Լիբանանի հայ համայնքին կողմէ տպագրուած 150-է աւելի գիրքեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Լիբանան բարեկամութեան օրերու իրականացման: «Բարեկամութիւնը աւելի կ՛ամրապնդուի, երբ բարեկամները մօտէն կը ծանօթանան», շեշտեց նախարարը եւ կարեւոր նկատելով ՄԱԿ-ի կողմէ սփիւռք եզրոյթին վերաբերեալ համաձայնագիրի ընդունման անհրաժեշտութիւնը` ընդգծեց. «Երկիր մոլորակի իւրաքանչիւր 35-րդ բնակիչը գաղթական է, կը կարծեմ` պէտք է սահմանել անոնց իրաւունքները եւ պարտականութիւնները: Ասիկա համամարդկային կարեւոր խնդիր է»:



