Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայութիւնը Մեծ Դեր Ունի Հայաստան – Ֆրանսա Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Մէջ

January 24, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Մարտիրոսեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսած է Ֆրանսայի մէջ ապրող հայութեան պատկերին եւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ անոր, ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կ’ապրին շուրջ 500 հազար հայեր, որոնք կը բնակին տարբեր շրջաններու` Փարիզ, Մարսէյ, Լիոն, Վալանս, Քանն, Սեն Ռաֆայէլ, Լա Սիոթա եւ այլ քաղաքներու մէջ: Ան դիտել տուած է, որ նախապէս հայերը կեդրոնացած էին մեծ քաղաքներուն մէջ, իսկ այսօր տարածուած են նաեւ այնպիսի վայրերու մէջ, ուր նախապէս հայեր չկային:

«Ֆրանսայի հայ համայնքը բաւական աշխուժ է: Կը գործեն բազմաթիւ հայկական կազմակերպութիւններ, մշակութային, երիտասարդական միութիւններ, հիմնադրամներ: Հայերը ներգրաւուած են տարբեր մարզերու մէջ` քաղաքականութիւն, տնտեսութիւն, գիտութիւն, կրթութիւն, մշակոյթ եւ այլն», ըսած է Յարութ Մարտիրոսեան:

Ֆրանսայի մէջ հայերուն մասին առաջին յիշատակումները կատարուած են 6-րդ դարուն: Ֆրանսացիներուն եւ հայերուն միջեւ զինուորական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացած են 11-14-րդ դարերուն: 19-րդ դարուն կրթութիւն ստանալու նպատակով Ֆրանսա տեղափոխուած են բազմաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնք անմասն չեն մնացած երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքէն: 1855 թուականին Փարիզի մէջ հրատարակուած են Ֆրանսայի մէջ հայկական առաջին` «Արեւելք» եւ «Մասեաց աղաւնի» պարբերականները:

Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կան 7 ամէնօրեայ եւ շուրջ 40 կիրակնօրեայ դպրոցներ: Հայկական դպրոցներ կը յաճախէ 1500 երեխայ: Յարութ Մարտիրոսեանի համաձայն, կը նախատեսուի աւելցնել հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն թիւը:

«Կը նախատեսենք աշակերտներուն թիւը աւելցնել 500-ով: Նպատակ ունինք ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնց շնորհիւ աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի աւելնայ: Իրականութեան մէջ դպրոցներուն թիւը աւելցնելը, ուսուցիչներ պատրաստելը բարդ գործ է, սակայն մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այդ ծրագիրը իրականացնելու համար», յայտնած է ան:

Յարութ Մարտիրոսեան զուգադիպութիւն չի նկատեր այն, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները միշտ դրական մօտեցում ունեցած են հայ գաղութին նկատմամբ: Ըստ անոր, միշտ ալ հայութիւնը ուշադրութիւն գրաւած է իր կազմակերպուածութեամբ, դժուար պահերուն պետութեան կողքին ըլլալով: Հայերը աշխատող են, կը ձգտին լաւագոյնը ընել տարբեր մարզերու մէջ:

«Հայ-ֆրանսական բարեկամութիւնը տարուէ տարի կ’ամրապնդուի եւ անոր ծիրը կ’ընդարձակուի: Հայ համայնքը մեծ դեր ունի Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով: Այս օրերուն Ֆրանսա կ’այցելէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Այս ձեւաչափով Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հետ առաջին հանդիպումն է: Կը կարծեմ, թէ երկու երկիրներու ղեկավարներուն քննարկումներու ծիրը բաւական ընդարձակ պիտի ըլլայ` երկկողմանի հետաքրքրութիւններուն, Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին, որ այս տարի Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ, եւ այլ նիւթերու վերաբերող հարցեր», աւելցուցած է ան: Ընդգծելով, որ Հայաստան-Ֆրանսա  յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են` Յարութ Մարտիրոսեան աւելցուցած է, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել համագործակցութիւնը տնտեսութեան ու մշակութային մարզերուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցը

Յաջորդը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպանը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.