Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Շանվիլը, 81-70 արդիւնքով (11-19, 14-22, 24-16, 21-24) պարտութիւն մը կրեց:

PROFOTO
4 պարտութիւն կրած Շանվիլ արձանագրեց իր 12-րդ յաղթանակը, մինչ 9 յաղթանակ արձանագրած Պէյրութ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:
Շանվիլէն 20-ական կէտ նշանակեցին Էլի Ռըսթոմ եւ Ֆետի Խաթիպ, մինչ անոնց խմբակից Ռոպերթ Ափշօ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (17 կէտ, 13 ռիպաունտ):
Պէյրութէն Ժահմար Եանկ նշանակեց 18 կէտ, իսկ Պասել Պաուժի` 13:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Շանվիլ ժամանակաւորապէս գրաւեց երկրորդ դիրքը:


