Լիբանանի վոլիպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 20 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Շեպիպեթ Պաուշրիէ, որ այս տարեշրջանին կ՛արձանագրէ բաւական լաւ արդիւնքներ, Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ), հիւրը պիտի ըլլայ Ռիատի Մըշմըշի:
Պաուշրիէ, որ ցարդ արձանագրած է չորս յաղթանակ, պիտի փորձէ արձանագրել իր հինգերորդ յաղթանակը:
Անիկա իր կատարած վերջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սփիտպոլ Շեքքայի դէմ:
4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց նաեւ Լիբանանեան բանակը` Ռիսալէ Սարաֆանտի դէմ, 3-2 արդիւնքով, Ամշիթի անոր դաշտին վրայ:
Լիբանանեան բանակը Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին կը հիւրընկալէ Ռիատի Ամշիթը:



