Մօտ օրերս արդէն թեկնածուներու վերաբերեալ քննարկումներ պիտի ըլլան. խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը` անդրադառնալով նախագահի թեկնածուի հարցին:
Դիտարկումին` տարբեր անուններ կը քննարկուին, այդ կարգին` նախկին վարչապետներէն Արմէն Սարգսեանի անունը, տեղեկութիւններ ալ կան, որ ան արդէն վերադարձած է Հայաստան, պատգամաւորը արձագանգեց. «Եթէ յստակ կը նշէք Արմէն Սարգսեան անունը, հաւանական է` նաեւ այդ թեկնածութիւնը քննարկուի: Ինծի կը թուի` չափորոշիչներու մէջ կարելի է տեղաւորել, բայց մենք դեռ անձերու չենք անդրադարձած: Մօտ օրերս քննարկումներ պիտի կազմակերպենք անուններու շուրջ, եւ անոր մասին դուք տեղեակ պիտի պահուիք: Այնպէս չէ, որ պէտք է ըլլայ մէկ թեկնածու, եւ մենք մէկ թեկնածուի շուրջ քննարկումը պիտի կազմակերպենք: Հաւանական է` քանի մը թեկնածուներէ ընտրենք մէկ թեկնածու եւ ներկայացնենք: Քննարկումներու լոյսին տակ կը տեսնենք»:
Բաղդասարեան նշեց, որ իրենք ընտրութիւնը պէտք է այնպէս կատարեն, որ թեկնածուն հանրային ճանաչուածութիւն ունեցող անձնաւորութիւն ըլլայ, որ ընդունելի ըլլայ նաեւ բոլոր քաղաքական ուժերուն կողմէ:
«Մենք լուրջ խնդիր կը լուծենք. երկրի ճակատագիրի, երկրի ղեկավար կազմի առաջին դէմքերու մասին է խօսքը, պէտք է կարենանք այնպիսի թեկնածու ներկայացնել, որ քաղաքական ուժերուն կողմէ նոյնպէս ընդունելի ըլլայ: Քննարկումներու եւ հանդիպումներու լոյսին տակ, երբ թեկնածուն հանդիպի նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերու հետ, ինծի կը թուի` նաեւ քաղաքական համաձայնութիւն պիտի ըլլայ», եզրափակեց ան:



