Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ վաղը` կիրակի, 14 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը ժամը 14:15-ին իր մրցումը կը կատարէ Սաֆայի դաշտին վրայ, ուր իրեն մրցակից կ՛ունենայ Պըրժը:
Անցեալին երկու կազմերուն միջեւ նման ճակատում մը, ընդհանրապէս կ՛ըլլար զօրաւոր հանդիպում մը, երբ անոնք մաս կը կազմէին Ա. դասակարգին եւ իրենց փառքի օրերը կ՛ապրէին:
Վաղուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն ամէն գնով կը սպասուի յաղթանակ, իսկ համակիրներէն` քաջալերանք, բնականաբար ուղղուելով Սաֆայի դաշտ եւ նեցուկ կանգնելու իրենց խումբին:
Վաղը յաղթանակ կը սպասուի նաեւ ՀՄԸՄ-ի կրտսերներու կազմէն, որ Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պհամտունի դաշտին վրայ պիտի մրցի Նեպի Շիթի դէմ: