Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ այսօր, ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ (Զուք) հիւրը կ՛ըլլայ Թատամոնի:
Վատ տարեշրջան մը բոլորող Թատամոն ցարդ իր կատարած 14 մրցումներուն ալ պարտուած է, մինչ ՀՄԸՄ, արձանագրած է 13 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երբե՛ք պէտք չէ անտեսեն իրենց մրցակիցը եւ իրենց մրցումը կատարեն պայքարի ոգիով, որովհետեւ գնդակի աշխարհին մէջ որեւէ խումբ որեւէ պահու կրնայ անակնկալ մը ստեղծել:
Նշենք, որ այսօր, նոյն ժամուն, Թրիփոլիի Սաֆատի մարզադաշտին վրայ Շանվիլ հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետի:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ Ղազիրի իր դաշտին վրայ, ժամը 17:00-ին, Սաժես կը հիւրընկալէ Պիպլոսը: