Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան Մաղթած Է, Որ Հայաստանի 4-րդ Նախագահը Ընտրուի Խորհրդարանի Մեծամասնութեան Կողմէ

Յունուար 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12 յունուարին Ազգային ժողովի ղեկավար կազմին հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտած է, թէ նման ձեւաչափով հանդիպում մը աննախադէպ է եւ նպատակ ունի հիմնականօրէն ծանրանալ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի ստեղծումով իրականացուելիք լայնածաւալ աշխատանքին, բոլոր կողմերը հետաքրքրող արդիական շարք մը հարցերու վրայ:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսած է Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման ընթացքին խորհրդարանին կողմէ տարուած աշխատանքին մասին` միաժամանակ ընդգծելով, որ պէտք չէ բաւարարուիլ կատարուածով, այլ անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքի կշռոյթը, որպէսզի առկայ բոլոր խնդիրներուն ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ օրէնսդրական լուծումներ տրուին: Ան նշած է, թէ նախորդ տարուան 18 մայիսէն ի վեր օրէնսդիր մարմինը ընդունած է 286 օրէնք, որոնցմէ 15-ը լիովին նոր օրէնքներ են:

Ան շեշտած է, որ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն շնորհիւ կազմուած նոր մարմինին` Ազգային ժողովի խորհուրդին, որ պէտք է զարգանայ եւ ամրապնդուի` էապէս նպաստելով Ազգային ժողովի աշխատանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման:

«Ազգային ժողովը պէտք է հանդէս գայ իբրեւ մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան երկխօսութեան եւ միացեալ աշխատանքի կարեւոր հարթակ: Այս առումով, ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ, ամէն ինչ չէ, որ հարթ եւ սահուն կ’ընթանայ», ըսած է նախագահը` դիտել տալով, որ երբեմն մթնոլորտը կը սրի, տագնապները կը շեշտուին, սակայն ժամանակի թաւալումով ամէն ինչ կը հանդարտի, եւ լուծման ուղիներ կը գտնուին:

Դէպի ապագայ ընթացող այս անցումային շրջանին նախագահը կարեւոր նկատած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել երկրի առօրեային եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներուն` շեշտելով, որ խորհրդարանը պէտք է իր ձեռքը պահէ երկրին զարկերակին վրայ, հարցը հանգամանօրէն հրապարակաւ պէտք է քննարկուի, եւ մարդիկ տեսնեն իրողութիւնները: «Հայաստանին պէտք է այնպիսի խորհրդարան, որ ո՛չ միայն ճիշդ ժամանակին որդեգրէ բոլոր անհրաժեշտ օրէնքները, այլեւ իրականացնէ արդիւնաւէտ խորհրդարանական վերահսկողութիւն», ըսած է հանրապետութեան նախագահը:

Ապա ան խօսած է այն մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ լուրջ քաղաքական շրջափուլ: «Մինչեւ այս տարուան մարտ 9-ը Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը: Յոյսով եմ, որ նոր սահմանադրական ընթացակարգով նախատեսուած այս ընտրութիւններուն Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորները կը մօտենան ամենայն պատասխանատուութեամբ: Եւ ի հարկէ, ցանկալի է, որ հանրապետութեան նախագահը ընտրուի խորհրդարանական ընդարձակ համաձայնութեամբ», յոյս յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Անոր համաձայն, տարբեր աշխատանքներուն կողքին Ազգային ժողովը նաեւ պէտք է նշանակէ նորաստեղծ ինքնավար մարմինի` Փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբի անդամները. ան շեշտած է, որ Հայաստանի եւ անոր տնտեսութեան ապագային համար շատ կարեւոր է լրջօրէն պայքարիլ այդ չարիքին դէմ:

Ան նաեւ յիշած է, որ 9 ապրիլէն ետք Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

«Այս տարի մենք պիտի տօնենք Հայաստանի անկախ պետականութեան վերականգնման 100-րդ տարեդարձը, եւ մենք պատասխանատու ենք ո՛չ միայն ժամանակակիցներուն, այլ նաեւ Հայաստան աշխարհի հազարամեակներու պատմութեան եւ մայիսեան մարտերու հերոսներու յիշատակին հանդէպ: Վստահ եմ, որ այս հանգամանքի գիտակցութիւնը մեզի կ’ընկերակցի յառաջիկայ ամիսներուն», եզրափակած է նախագահ Սարգսեան:

Խորհրդարանի նախագահը, անոր տեղակալները եւ հանդիպման ներկայ միւս պատգամաւորները` «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու ղեկավարներն ու մնայուն յանձնախումբերու նախագահները քննարկման ընթացքին իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցած են նախագահին կողմէ կարեւոր նկատուած խնդիրներու եւ կատարուելիքներու, խորհրդարանական կառավարման համակարգով Ազգային ժողովի աշխատանքի առաջնահերթ ուղղութիւններուն, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Հանրապետութեան նախագահին խօսքէն ետք Արա Բաբլոյեան ներկայացուցած է Սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովին վերապահուած լիազօրութիւններուն լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման, Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութեան ապահովման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով Ազգային ժողովի 6-րդ գումարման գործունէութեան ընթացքին իրականացուած աշխատանքները, հանրութիւնը հետաքրքրող կարեւորագոյն եւ արդիական հարցերուն վերաբերեալ խորհրդարանին մէջ կայացած լսումները, մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու գործունէութեան յիշեալ ժամանակահատուածի արդիւնքները:

Նախորդը

Էսթոնիան Եղաւ Առաջինը` Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը Վաւերացնող

Յաջորդը

Ակնարկ. Զգուշացման Ազդերու Հիմնական Տարբերութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ Եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?