Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Առաջարկած Է Անուանափոխել Ստեփանակերտի Որոշ Փողոցներ

January 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յունուար 11-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանին հետ:

Խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեան նշած է, որ խմբակցութիւնը բնակչութեան հետ կ՛ունենայ պարբերական հանդիպումներ, որոնց ընթացքին բարձրացուած հարցերուն կը փորձէ լուծում տալ` համապատասխան օղակներով: Ան դիտել տուած է, որ այդ հանդիպումին նպատակն է քննարկել Ստեփանակերտին առնչուած որոշ մտահոգութիւններ եւ ժողովուրդին կողմէ բարձրացուած հարցեր` աւելցնելով, որ հիմնական խնդիրը Ստեփանակերտ քաղաքի որոշ փողոցներու անուններուն հարցն է: «Մեր հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ հակազգային կարգ մը գործիչներու անուններով փողոցներ կան Ստեփանակերտի մէջ, մինչ միւս կողմէ ազգային յայտնի գործիչներու անունը կրող փողոցներ չկան», նշած է Արմէն Սարգսեան:

«Շուտով կ՛ամբողջանան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակը եւ արցախեան շարժման 30-ամեակը: Մեր պատմութեան այս հերոսական ժամանակաշրջանի անուանի դէմքերուն անունները պէտք է արժեւորենք, իսկ ատիկա ընելու միջոցներէն մէկն ալ փողոցներու անուանակոչութիւնն է», ըսած է պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեան:

Ստեփանակերտի քաղաքապետը ողջունած է առաջարկը` աւելցնելով, որ փողոց անուանափոխելը կ՛ենթադրէ նիւթական մեծ ծախսեր: «Այդ հարցին պէտք է հանրային հնչեղութիւն տալ, հասարակական կարծիք ձեւաւորել», աւելցուցած է Սուրէն Գրիգորեան` խնդրելով առաջարկները գրաւոր ներկայացնել:

«Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամները բարձրացուցին նաեւ մայրաքաղաքի արտաքին տեսքին, շինարարական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Լուքաշեւիչ. «Մոսկուան Պիտի Աջակցի Ղարաբաղեան Հարցի Լուծման Հոլովոյթին Մէջ Իտալիոյ Նախագահութեան Ջանքերուն»

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Պիտի Առաջարկենք Գործիքակազմեր, Որպէսզի Սփիւռքն Ալ Իր Մասնակցութիւնը Բերէ Նախագահի Ընտրութեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.