Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՁԵՒԱՒՈՐԵՆՔ ՍՏԵՂԾՈՂ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

November 10, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան` ելոյթին ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան 6-րդ համագումարին ընթացքին:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ իբրեւ փոքրածաւալ շուկայ ունեցող երկիր, Հայաստան պէտք է յաջողի դառնալ համաշխարհային զարգացած արդիւնաբերական համակարգի մասնագիտացած մասը, ինչ որ թոյլ կու տայ ապահովելու երկրին զարգացումը եւ աճը: Ըստ հանրապետութեան նախագահին, Հայաստան պարտաւոր է ընդառաջ երթալ ժամանակակից աշխարհի պահանջներուն` վերաիմաստաւորել իր գործելակերպը, ակնկալիքները եւ վարքագիծը: «Վերջապէս, մենք պէտք է վեր հանենք մեր տեսակին աւելի հարազատ արժէքները, եւ կ՛ուզեմ առաջարկել, որ յարաբերական առաւելութիւնները մենք փնտռենք ոչ միայն բարձր արհեստագիտութեան մարզին մէջ, ոչ միայն զուտ արդիւնաբերութեան մարզին մէջ: Մենք պէտք է յաջողինք գնահատել բնութենէն մեզի տրուած որոշակի առաւելութիւններ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Նախագահը աւելցուց, որ այս ուղղութեամբ հիմա խումբ մը կը փորձէ նախանշել մեծ ծրագիր մը, որ կրնայ ստեղծել ոչ միայն աշխատատեղեր, այլ նաեւ` կայունութիւն Հայաստանի ներքին տնտեսական շուկային մէջ:

Ըստ նախագահին, երկիրը կանգնած է նոր սկիզբի մը առջեւ եւ պատմական անհրաժեշտութիւնը փոխակերպում կը պահանջէ: Նախագահը շեշտեց, որ պէտք է փոխակերպուին պետական պաշտօնեան, հասարակական գործիչը, գործարարը եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին: «Մենք պէտք է փոխուինք, որպէսզի յաջողինք մրցակցիլ, արտադրել, արտահանել, եկամուտներ ստեղծել, իրականացնել ընկերային եւ մշակութային նոր ծրագիրներ: Մենք պէտք է ձեւաւորենք ստեղծող հասարակութիւն, ուր կը գերիշխեն աշխատասիրութիւնը, նախաձեռնողականութիւնը, արհեստավարժութիւնը, ազնուութիւնը, փոխադարձ վստահութիւնը եւ աշխատանքով ստեղծելու ձգտումը», նշեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ յայտնեց, որ գործարարութիւնը պէտք է հետեւողականօրէն տարանջատուի պետական համակարգէն եւ իշխանութենէն: Փոխարէնը, պետութիւնը պէտք է շարունակէ սորվիլ լիարժէքօրէն յարգել եւ ապահովել իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ գործարարի շահը: Ըստ Սերժ Սարգսեանի, պետութիւնը եւ գործարարը պէտք է ըլլան վստահելի գործընկերներ, քանի որ հակառակ պարագային անարդիւնաւէտ պիտի ըլլայ մասնաւոր ձեռներէցութեան աջակցելու որեւէ ծրագիրի իրագործումը:

Երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին, խօսելով Հայաստանի տնտեսութեան դիմագրաւած խնդիրներուն մասին, Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան յայտնեց, որ երկրի նախագահին եւ միութեան ղեկավարութեան միջեւ անցնող ամիս տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ կայ քաղաքական կամք սակաւապետական համակարգի քանդման սկիզբը դնելու:

«Հաւատացէք, որ իր կողմէ տրուած մեկնաբանութիւնները մէկ եզրակացութեան յանգեցուցին` կայ քաղաքական կամք տնտեսական դաշտը որակապէս փոխելու, ստուերը նուազեցնելու, ինչպէս նաեւ կայ քաղաքական կամք` սակաւապետական համակարգը վերջապէս քանդելու սկիզբը դնելու: Ասիկա ամէնէն կարեւորն է, որ մենք ստացանք նախագահէն», ըսաւ Արսէն Ղազարեան:

 

Նախորդը

ՅՈՎՍԷՓ ԲԵԴԵՒԵԱՆ` ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՎԵՐԱՔՆՆԻՉ ԴԱՏԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։