Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 5-րդ դիրքը գրաւեց Ռիատիի մէջ աւարտած աշխարհի կայծակնային ախոյեանութեան:
21 հանգրուանի մրցումներուն, ան, ապահովելով 14 կէտ, գրաւեց 5-րդ դիրքը, մինչ 16 կէտ ապահովելով կայծակնային ախոյեանութեան այս տիտղոսը նուաճեց աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:
Հայաստանի մնացեալ ներկայացուցիչները արձանագրեցին հետեւեալ արդիւնքները.
Տիգրան Լ. Պետրոսեան` 7-րդ (13,5 կէտ), Հրանդ Մելքումեան` 15-րդ (13 կէտ), Զաւէն Անդրէասեան` 43-րդ (11,5 կէտ), Սերկէյ Մովսիսեան` 74-րդ (10,5 կէտ), իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան` 95-րդ (9,5 կէտ):
Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան 138 ճատրակ խաղացողներ:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Էլինա Դանիէլեան, որ 13 կէտով գրաւեց 13-րդ դիրքը:
Մնացեալները գրաւեցին հետեւեալ դիրքերը. Լիլիթ Գալոյեան` 58-րդ, Լիլիթ Մկրտչեան` 62-րդ եւ Մարիա Գէորգեան` 71-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ Նան Ցակնիցէ (Վրաստան), որ ապահովեց 16,5 կէտ:
Նշենք, որ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան եւս, Հայաստանի ներկայացուցիչները մրցանակային դիրքեր չգրաւեցին: