«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներէն երկուքը աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:

Թորոնթոյի մէջ, Ռեփթըրզ, որ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, արձանագրեց 131-127 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 52 կէտ:
Երկարաձգուած երկրորդ մրցումին, Շիքակօ Պուլզ 124-120 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն:
Մինեսոթա Վուլվզ 114-96 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 28 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Պրուքլին Նեթց յաղթեց իր հիւրին` Օրլանտօ Մեճիքին (98-95):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Աթլանթա Հոքս
Սաքրամենթօ Քինկզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ