Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող յառաջապահ Նէյմար ճանչցուեցաւ իբրեւ 2017-ին Եւրոպայի մէջ հանդէս եկող պրազիլցի լաւագոյն ֆութպոլիստը:
Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող Նէյմար վերջին 4 տարիներուն երրորդ անգամ ըլլալով կ՛արժանանայ Սամպա-ֆութ կայքին կողմէ սահմանուած «Ոսկեայ սամպա» մրցանակին:
25 տարեկան Նէյմար, որ ապահովեց ձայներուն 27,71 առ հարիւրը, այս տիտղոսին տիրացած էր նաեւ 2014-ին եւ 2015-ին:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ֆելիփէ Քութինիօ (Լիվըրփուլ, 16,64), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Մարսելօ (Ռէալ Մատրիտ, 14,43):
Այս քուէարկութեան մասնակցեցան շուրջ 50 հազար անձեր:
Նէյմար իր այս մրցանակը պիտի ստանայ յառաջիկայ փետրուարին, Փարիզի մէջ: