Իր հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի յետսապահ Էշլի Եանկ 3 մրցումով կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած մրցումին արմուկով հարուածեց մրցակից կազմի միջնապահ Տիւսան Թատիչին:
Թէեւ ան ընդունեց իր դէմ սահմանուած պատիժը, սակայն յայտնեց, որ անիկա քիչ մը ծանր է, որովհետեւ ինք յոյս ունէր, որ անիկա քիչ մը աւելի մեղմ ըլլար: