Իտալական «Քորիերէ տելլա Սերա» մարզական օրաթերթին համաձայն, Եուվենթուս համաձայն է, որ իրեն մաս կազմող յառաջապահ Փաուլօ Տիպալան միանայ այլ խումբի մը, այն պայմանով սակայն, որ անոր փոխանցման համար վճարուի 150 միլիոն եւրօ:
Քանի մը օր առաջ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, որ 24 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Մանչեսթըր Եունայթըտ: Բայց անգլիական ակումբը պատրաստ է վճարելու միայն 68 միլիոն եւրօ, ինչ որ ընդունելի չի նկատուիր Իտալիոյ ախոյեանին համար:
Ընթացիկ տարեշրջանին Տիպալա 25 մրցումի ընթացքին նշանակած է 15 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ: