
1995-ին աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին արժանացած Ժորժ Ուէա ընտրուեցաւ Լիպերիոյ նախագահ:
Քուէարկութեան արդիւնքներուն հիմամբ, Ա. Սէ. Միլանի նախկին ֆութպոլիստը, որ ապահովեց քուէարկողներու ձայներուն 61,5 առ հարիւրը, յաջողեցաւ պարտութեան մատնել երկրի նախկին նախագահ Ժեզեֆ Պոքայան: