Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ տեղի ունեցած քուէարկութեամբ ճանչցուեցաւ 2017 տարուան Եւրոպայի լաւագոյն մարզիկը, հաղորդեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
Քուէարկութեան մասնակցեցան 26 լրատուական գործակալութիւններ:
32 տարեկան ֆութպոլիստը 159 կէտ ապահովելով գերազանցեց «Ֆեռարի»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընը, որ այս տարի հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Հեմիլթըն ապահովեց 143 կէտ:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (113 կէտ):
Հինգ անգամ «Ոսկիէ գնդակ»-ին տիրացած Ռոնալտօ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը ճանչցուի իբրեւ Եւրոպայի լաւագոյն մարզիկը: