«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան թրքական արմատներով ղեկավար` երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիր, անդրադարձած է անցեալ շաբաթ Կարօ Փայլանի կողմէ օրակարգի բերուած հարցին եւ ըսած, որ Գերմանիա այժմ բոլոր միջոցներուն պէտք է դիմէ, որպէսզի չարտօնէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Գերմանիոյ մէջ եւս վախի մթնոլորտի ստեղծումը:
Ինչպէս յայտնի է, Կարօ Փայլան հաստատած էր, որ քանի մը վստահելի աղբիւրներէ ստացած է տեղեկութիւններ, ըստ որոնց` Թուրքիոյ մէջ մութ ուժեր կը պատրաստուին մահափորձեր իրականացնելու Գերմանիա ապրող հայ, ալեւի կամ թուրք այլախոհներու դէմ: Անգարայի դատախազութիւնը հարցաքննութիւն բացած է Կարօ Փայլանի այս յայտարարութեան կապակցութեամբ:
Էօզտեմիր իր վերոնշեալ յայտարարութիւնը կատարած է «Տէօչէ Վելլէ» կայանի թրքերէն բաժինին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին: Ան նաեւ յայտնած է. «Վերջերս կը դիտէի Գերմանիա ապաստանած պոլսահայ լրագրող, մտաւորական Հայկօ Պաղտատի ելոյթը: Հայկօ Պաղտատ հանդէս կու գար զրահապատ բաճկոնով, որովհետեւ ելոյթին նախօրեակին սպառնալիքներ ստացած էր: Այս բոլորը բնական չեն. մենք պիտի չարտօնենք, որ վախի զգացում մը տարածուի Գերմանիոյ մէջ»: