Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Մեր Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ Ծառայութիւնը Զանազան Ձեւերով Դառնայ Մնայուն Արժէք Ու Ճշմարիտ Ճանապարհ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 28, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 24 դեկտեմբեր 2017-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին ու նախավկային տօնը` Ս. պատարագով: Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր քարոզին մէջ նշեց, որ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ առաջին նահատակը ըլլալու կողքին կարեւորագոյն մարտիրոսներէն մէկն է` շնորհիւ իր աստուածատուր կամքի հզօրութեան ու շնորհքին: Ակնարկելով «Գործք առաքելոց» գիրքին` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Ստեփանոս ընտրուած էր Յիսուսի առաքեալներուն կողմէ իբրեւ քրիստոնէութեան քարոզիչ ու ձեռնադրուած էր սարկաւագ, որուն համար ան քարկոծուելով նահատակուած էր: Թէեւ այս դէպքը տեղի ունեցած է անցեալին, սակայն ժամանակակից է, որովհետեւ մեզի կը լիցքաւորէ սուրբին կամքով ու հաւատքով, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքին փոթորիկներուն առջեւ տոկանք Ս. Ստեփանոսին նման, նշեց առաջնորդ սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ այս տօնով մեր եկեղեցին ոչ թէ Ս. Ստեփանոսին անձը կը փառաբանէ, այլ անոր օրինակը կենդանի պահելով հաւատք ու կամք կը ներշնչէ:

Պատարագի աւարտին, միաբանութիւնը, սարկաւագաց դասը, դպրեվանեցիները եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած` ուղղուեցան վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր մը: Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց Ս. Ստեփանոսի նուիրուած փունջ մը շարականներ, ինչպէս նաեւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ու Աւետարանէն հատուածներ կարդացուեցան: Այս առիթով, յանուն սարկաւագաց դասին, Պետրոս սրկ. Տէր Կարապետեան կարդաց ուղերձ մը:

Յայտագիրի աւարտին վեհափառ հայրապետը տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Վկայակոչելով օրուան տօնը` Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Ս. Ստեփանոսը նահատակութեան ու ծառայութեան խորհրդանիշ է, իսկ անոր կեանքէն ճառագայթող պատգամը կը վկայէ, որ ճշմարիտ ծառայութիւնը կենդանի նահատակութիւն է: Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հոգեւորական եւ ազգային գործունէութեան մէջ ծառայութեան ու անձնուիրութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հայ հոգեւորականին միակ սկզբունքը եւ կոչումը հայ եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութիւնը պէտք է ըլլայ եւ ատիկա բարձր է բոլոր տիտղոսներէն եւ մակդիրներէն, իսկ հայ հոգեւորականը այս առաքելութեան պատրաստող դարբնոցը դպրեվանքն է:

 

Նախորդը

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Պուրճ Համուտի Ազգային Ծերանոց

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց,  Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար  Մեծ Կարեւորութիւն Ունի
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարեց, Որ Հայ Գերիներու Հարցը Իրենց Համար Մեծ Կարեւորութիւն Ունի

October 17, 2026
ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն  Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ  Մարտահրաւէրները Կը Յամենան
Հայկական

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Հայաստանէն Յայտարարեց` Մարդասիրական Հարցերու Մէջ Մարտահրաւէրները Կը Յամենան

October 17, 2026
ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Առաջնորդներու Վեհաժողովը
Հայկական

ՔՈՓ17-ի Շրջանակին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Առաջնորդներու Վեհաժողովը

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.