«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 99-92 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզին դէմ:
Քեւին Տիւրանթ ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 25 կէտ, մինչ Քեւին Լովէ (Քաւալիրզ)` 31 կէտ: Ուորիըրզէն կը բացակայէր Սթեֆըն Քարի (վիրաւոր):
Օքլահոմա Սիթի 112-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Հիուսթըն Ռոքեթցը: Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեց 31 կէտ, մինչ Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց)` 29:
Նիւ Եորք Նիքս 105-98 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզէն, Պոսթընի մէջ, Սելթիքս 111-103 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն, մինչ երէկուան հինգերորդ եւ վերջին մրցումին, Մինեսոթա Վուլվզ 121-104 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դաշտէն:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Մայեմի Հիթ – Օրլանտօ Մեճիք
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Պրուքլին Նեթց
Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ