Շաբաթ, 23 դեկտեմբերին, բոլորին կողմէ սպասուած «Քլասիքօ»-ի մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ, աւարտեցաւ հիւր կազմին` Պարսելոնայի յաղթանակով: Վերջինս 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը, երբ անոր կոլերը նշանակեցին Լուիս Սուարեզ (54-րդ), Լիոնել Մեսսի (64-րդ` փենալթիով) եւ Ալեքս Վիտալ (93-րդ):
Նշենք, որ 63-րդ վայրկեանին, Տանիել Քարվախալ, որ գնդակը զսպեց իր ձեռքով, կարմիր քարտ մը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ:
Անկախ արձանագրուած այս յաղթանակէն, Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել երկու ուղղութեամբ:
Առաջին` ան դարձաւ «Քլասիքօ»-ի առաջին ֆութպոլիստը, որ 25 կոլ կը նշանակէ արքայական ակումբին դէմ: Ան «Քլասիքօ»-ին մասնակցեցաւ 37 մրցումի ընթացքին եւ յաջողեցաւ նաեւ 14 էսիսթ կատարել:
Ան գերազանցեց նաեւ գերմանացի Կերթ Միւլըրի հաստատած մրցանիշը` իր նշանակած կոլերուն քանակով:
30 տարեկան Մեսսի Պարսելոնայի հետ բոլոր պաշտօնական մրցումներուն ընթացքին նշանակեց իր 526-րդ կոլը:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած Միւլըր Պայէրն Միւնիխի հետ 1964-էն 1979 նշանակած է 525 կոլ: