Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդը Վաւերացուց Ամերիկահայութեան Թանգարանին Ծրագիրը

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 13 դեկտեմբերին միաձայնութեամբ վաւերացուց քաղաքի Կեդրոնական զբօսավայրի ծրագիրը, որուն մէկ մասնիկն է քաղաքամէջը կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին ծրագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ը:

Քաղաքապետարանի անձնակազմը եւ «Էս. Տապլիու. Էյ.» ձեւաւորումներու հիմնարկը սոյն ծրագիրի նախագիծին մանրամասնութիւնները ներկայացուցած էին 5 դեկտեմբերի ժողովին` շեշտելով քաղաքի կեդրոնը արուեստներով եւ ժամանցի զանազան առիթներով հարուստ ու կանաչապատ տարածք մը ունենալու կարեւորութիւնը եւ բաղձալիութիւնը:

Ամերիկահայութեան թանգարանին կողքին, այս տարածքին մէջ պիտի ըլլան նաեւ քաղաքի Կեդրոնական գրադարանը եւ տարեցներու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ երեխաներու յատուկ վայրով մը «անտառային» կանաչապատ զբօսավայր մը եւ քալելու արահետներ, որոնք պիտի միանան Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող «Ամերիքանա»-ին:

«Մեր քաղաքը մեծապէս պիտի շահի այս ծրագիրին իրականացումով, որուն շնորհիւ քաղաքացիական, ընկերային կեանքը պիտի աշխուժանայ, ինչպէս նաեւ տարեցներու յատուկ սպասարկութիւնները պիտի ընդլայնին», կ՛ըսէ Ամերիկահայութեան թանգարանի ծրագիրի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, իսկ ծրագիրի ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան քաղաքի ապագան հարստացնող քայլ մը կը նկատէ այս որոշումը:

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը, այս որոշումէն ետք, ծրագիրին մանրամասնութիւնները հանրութեան պիտի ներկայացնէ յունուարին, եւ կ՛ակնկալուի, որ թանգարանի հողատարածքին շուրջ համաձայնագիր եւ կառուցման համար արտօնագիրներ ապահովելու աշխատանքները ամբողջանան ապրիլին:

Ամերիկահայութեան թանգարանի գլխաւոր նպատակն է ամերիկահայութեան փորձառութիւնը ուրիշներու հետ բաժնելու ճամբով փոխադարձ ըմբռնումը քաջալերել եւ Միացեալ Նահանգներու ցեղային ու մշակութային բազմազանութիւնը լուսարձակի տակ առնել:

Թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հայկական 10 կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ, որոնք են` Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ օգնութեան միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր սերունդ» մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան:

 

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Գնացքի Մը Վակոնները Ինկան Ինքնաշարժներու Մայրուղիին Վրայ

Յաջորդը

«Արմէնփրես» Լրատու Գործակալութիւնը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 99-ամեակը

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?