Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովի Հայաստան – Իրան Բարեկամական Խումբի Պատուիրակութեան Հանդիպումները Իրանի Մէջ

December 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Աղուան Վարդանեան, Կորիւն Նահապետեան, Վահէ Էնֆիաջեան եւ Նիկոլ Փաշինեան, Իրան կ’այցելեն:

12 դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավարին, տնտեսական հարցերու, ուժանիւթի, արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան յանձնախումբերու ղեկավարներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են հայ-իրանական համագործակցութեան բազմաշերտ հարցեր, մասնաւորապէս փոխադարձ գործակցութիւնը` տնտեսութեան, ուժանիւթի, արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն մէջ:

Տնտեսական համագործակցութեան ծիրին մէջ կողմերը քննարկած են Մեղրիի մէջ ստեղծուող տնտեսական ազատ գօտիի աշխատանքներուն, կարելիութիւններուն ու գործունէութեան հետագայ կազմակերպման առնչուող հարցեր: Յատկապէս անդրադարձ կատարուած է իրանական եւ հայկական արտադրութիւններու շրջանառութեան, ինչպէս հայկական եւ իրանական, այնպէս ալ կողմերու միջնորդութեամբ ու աջակցութեամբ այլ շուկաներու մէջ:

Ուժանիւթի բնագաւառին մէջ քննարկուած են երրորդ ելեկտրագիծի կառուցման առնչուող հարցեր: Կողմերը արձանագրած են, որ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են, անոնց պիտի յաջորդեն վերջնական նախագծման եւ կառուցման փուլերը: Ձեռք բերուած են որոշ պայմանաւորուածութիւններ` Իրանէն Հայաստան կազի գնման հոլովոյթի կազմակերպման հարցերուն շուրջ: Պայմանաւորուածութիւն կնքուած է` ստեղծելու աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի լծուին յստակ խնդիրներու լուծման: Նախատեսուած է իրականացնել բազմակողմ համաժողովներ, որոնց նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գան Հայաստանի եւ Իրանի խորհրդարանները:

Վերահաստատուած է, որ իրանական կողմը պատրաստ է քննարկելու եւ համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ ստեղծելու բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

 

Նախորդը

Վրաստանի Մէջ Ցեղասպանութեան Հարցը Չմտաւ Լիագումար Նիստի Օրակարգ

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Ծերակոյտի Անդամակցութեան Թեկնածու Թարխանեանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 8, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.