Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Գոյութիւն Պիտի Ունենան Վերահսկող Եւ Պատժող Մարմիններ, Զորս Կարելի Չէ Շրջանցել»

December 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` համայնքապետերուն վերաբերեալ խօսքին, դիտել տուած է, որ նախագահը, բնականաբար, պէտք է աշխատի, ըստ գործող կարգին, քանի որ տակաւին ամբողջական կերպով խորհրդարանական համակարգին մէջ չենք: Ըստ անոր, նախագահին յորդորը կը վերաբերէր ամբողջական ուշադրութեամբ ու խստութեամբ աշխատելուն, այս պարունակին մէջ պէտք է դիտել յայտարարութիւնը:

Յայտնենք, որ նախագահը ըսած էր. «Մենք պատրաստ չենք տեսնելու, թէ ձեզմէ ոմանք ինչպէս մեր բնակչութեան դրամները իրենց տունը կը տանին, ամօ՛թ է»:

Ըստ Ռուստամեանի, կան համայնքապետերու գործունէութեան վերաբերող յստակ մեքանիզմներ, որոնք, ըստ անոր, նոր Սահմանադրութեամբ աւելի պիտի ճշգրտուին եւ յստակ դառնան. ան դիտել տուած է, որ նման մեքանիզմներու առկայութեան պարագային նշուած երեւոյթները կարելի կ՛ըլլայ բացառել:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ եթէ նման պարագաներ կան, ուրեմն ինչո՞ւ քրէական գործեր չկան. Ռուստամեան պատասխանած է, որ ասիկա նախազգուշացում է բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն նման բաներ ընել կամ միջնորդել ուրիշին համար: «Պէտք է տանիլ համատարած պայքար, համայնքապետերը եւս պէտք է զգան այն պատասխանատուութիւնը, որուն ենթակայ են ըստ օրէնքի, եւ որուն լոյսին տակ հաշուետուութեան պիտի կանչուին: Պատահած են դէպքեր, երբ այդ պատասխանատուութիւնը բացակայած է, եղած են ահազանգեր, սակայն ոչ ոք հետապնդած է. նախագահը կ՛ըսէ, որ ասկէ ետք այս հոլովոյթը իր հունով պիտի ընթանայ»:

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, նախագահին յայտարարութիւնը չի նշանակեր, որ անպայման նման դէպքի մասին ինք տեղեակ է, այլ ատիկա ընդհանուր է, հրաւէր ու նախազգուշացում է, որ այլեւս նման արարքներու կարելի չէ ականատես ըլլալ Հայաստանի մէջ:  Նախագահը չէ, որ պիտի ներէ կամ ոչ, այլ պիտի ըլլան  վերահսկող ու պատժող մարմիններ, որոնցմէ ոչ ոք կրնայ շրջանցել կամ անոնցմէ փրկուիլ նախագահով, մարզպետով», հաստատած է Արմէն Ռուստամեան:

Նախորդը

Հանդիպումներ Քարվաճառի Եւ Կիչանի Մէջ

Յաջորդը

Ցեղասպանութենէն Վերապրած Հայերու Օգնութեան Կոչ Ուղղող` Շերիֆ Հիւսէյնի Ֆաթուայի 100-ամեակ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.