«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսական Կաս Պիլիրաքիս անգամ մը եւս ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը` Քոնկրեսի մակարդակով:
«Հակառակ Թուրքիոյ ուրացման փորձերուն, ցարդ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 48-ն եւ մեծ թիւով եւրոպական երկիրներ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռեկընը` 1981-ին, եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը` 1975-ին, 1984-ին եւ 1996-ին:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին ակնարկելով` Պիլիրաքիս ըսած է. «Կը կարծեմ, թէ բանաձեւը կրնա՛յ վաւերացուիլ: Մենք անիկա կը քննարկենք մեր ղեկավարներուն հետ: Անիկա նախ պէտք է վաւերացուի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ, որմէ ետք մենք Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ կը մտցնենք»: