Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Մտաւորականները Ալիեւէն Ներում Չեն Հայցած

Դեկտեմբեր 12, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս հաղորդած էինք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ հետաքննութեան սկսած է թուրք յայտնի մտաւորականներ Ալի Պայրամօղլուի, Ուֆուք Ուրասի, Էրոլ Քաթըրճըօղլուի եւ Սայիտ Չեթինօղլուի դէմ` անոնց Արցախ այցելութեան առիթով Պաքուի յայտնած բողոքին հիման վրայ:

Մտաւորականները Արցախ այցելած էին սեպտեմբերին:

«Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ մտաւորականները յայտարարութիւն մը տարածած են այս գծով` շեշտելով, որ հակառակ Չաւուշօղլուի «խրատ»-ին, իրենք ներում չեն հայցած Պաքուէն:

«Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ սկսուած հետաքննութեան ծիրին մէջ, մենք պատասխանած ենք միջազգային համաձայնագիրներու հիման վրայ արդարադատութեան նախարարութեան փոխանցուած հարցումներուն, ինչպէս կը պահանջէ ընթացակարգը: Նախարար Չաւուշօղլուի հետ կապ հաստատեցինք` պահանջելով, որ պետութիւնը պաշտպանէ մեր իրաւունքները` մեզ ձերբակալելու շուրջ Ազրպէյճանի քայլին առնչութեամբ: Չաւուշօղլուի փափաքով, Ալիեւին նամակ գրեցինք` ներկայացնելով մեր այցելութեան նպատակը եւ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ մեր անհանգստութիւնը: Այդ նամակին մէջ «ափսոսանք» եւ «ներողութիւն» բառերը ներառելու մասին նախարարի յորդորներուն տուրք չե՛նք տուած», գրած են մտաւորականները:

Անոնք միացեալ յայտարարութեան մէջ ընդգծած են, որ իրենք գիտնականներ եւ լրագրողներ են, որոնք տագնապի լուծման հարցով աշխարհի տարբեր հակամարտութեանց գօտիներ կ՛այցելեն, իսկ Արցախ իրենց այցելութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի Հայաստան-Ազրպէյճան տարակարծութիւններուն եւ Արցախի իրաւական կարգավիճակին հետ:

Պայրամօղլու նաեւ շեշտած է, որ իրենց նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ որեւէ հետաքննութիւն չէ սկսած: «Պետութենէն կ՛ակնկալենք, որ երկրէն դուրս մեզի դէմ յարուցուած գաղափարական հետաքննութիւններուն դիմաց պաշտպանէ մեր իրաւունքները, սակայն Թուրքիոյ հանրապետութիւնը այս հարցով ոչինչ կ՛ընէ: Նոյնիսկ հակառակը կ՛ընէ, ինչ որ մտահոգիչ է», աւելցուցած է Պայրամօղլու:

 

Նախորդը

Պիլիրաքիս. «Ժամանա՛կն Է Քոնկրեսին Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը Բարձրացնելու»

Յաջորդը

Փայլան Թուրքիան Կը Մեղադրէ` Փոքրամասնութիւններուն Հանդէպ Լոզանի Դաշնագիրով Նախատեսուած Պարտականութիւնները Չկատարելուն Համար

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?