Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ . Լիբանանի Օժանդակ Պետութիւնները Յանձնառու Կը Մնան Լիբանանի Կայունութեան

December 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակ պետութիւններու խորհրդաժողովը:

Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի, Ռուսիոյ, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան, Արաբական լիկայի, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի, ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու ծրագիրի, Միջազգային դրամատան եւ ՄԱԿ-ի Լիբանանի յատուկ գրասենեակի ներկայացուցիչներուն:

Խորհրդաժողովին նախագահեցին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինա Մոհամետ:

Մաքրոն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի համար կազմակերպուած այս խորհրդաժողովը կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանան դիմագրաւած է ցնցումներով լեցուն փուլ մը, որմէ ետք վարչապետ Հարիրի վերստանձնած է իր պաշտօնը:

Մաքրոն նշեց, որ վարչապետ Հարիրիի պաշտօնը վերստանձնելու որոշումին իր զօրակցութիւնը յայտնած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն:

Մաքրոն հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ ծառացող սպառնալիքները առկայ են եւ անոնք կը հաստատեն Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուելիք միջազգային զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած վերջին տագնապին պատճառները լիբանանեան ազդակներն են, ինչպէս նաեւ շրջանային ցնցումները: Ֆրանսայի նախագահը ողջունեց լիբանանեան հերոսական բանակը, որ կրցաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ յաղթանակ արձանագրել:

Մաքրոն ընդգծեց Լիբանանի կառավարութեան հրապարակած վերջին հաղորդագրութեան նկատմամբ յանձնառութեան կարեւորութիւնը: «Կոչ կ՛ուղղենք, որ այդ հաղորդագրութիւնը գործադրուի եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը յարգեն», ըսաւ ան:

Մաքրոն դիտել տուաւ, որ Լիբանանի կայունութիւնը անհրաժեշտ է ամբողջ շրջանին կայունութեան համար, իսկ լիբանանեան զինեալ խմբաւորումներուն կողմէ շրջանի տագնապներուն միջամուխ չդառնալու որոշումը յարգելը կարեւոր է:

«Լիբանան միջազգային ընտանիքին ամբողջական զօրակցութիւնը կը վայելէ, իսկ լիբանանեան բանակին կարողութիւններուն բարելաւումը անհրաժեշտութիւն է: Լիբանանի ներքին հարցերուն ոչ ոք պէտք է միջամտէ, եւ պէտք է ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը բառին բուն իմաստով յարգել», յայտնեց Մաքրոն:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանան իր ազգային միասնականութեան եւ ժողովուրդի կամքին շնորհիւ կրցած է դիմագրաւել երկրին սպառնացած տագնապը:

Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է յարգեն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը եւ միջամուխ չդառնան արաբական երկիրներու արտաքին հարցերուն:

Հարիրի շեշտեց թիւ 1701 բանաձեւին կառչած մնալու կարեւորութիւնը` հաստատելով բարեկարգումներ իրագործելու եւ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու Լիբանանի կառավարութեան յանձնառութիւնը:

Անդրադառնալով տեղահանուածներու հարցին լուծման` Հարիրի յայտնեց, որ հիմնական լուծումը տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելուն մէջ կը կայանայ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերուած օժանդակութեան համար եւ հաստատեց, որ Լիբանան կտրականապէս կը մերժէ տեղահանուածներու եւ գաղթականներու բնակեցումը:

Հարիրի նշեց նաեւ, որ լիբանանցիները կը մերժեն Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը յայտարարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը` աւելցնելով, որ այդ որոշումը պիտի բարդացնէ խաղաղութեան հոլովոյթը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ամինա Մոհամետ ընդգծեց Լիբանանի նկատմամբ մնայուն զօրակցութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ողջունեց իր հրաժարականը յետս կոչելու Հարիրիի որոշումը` շեշտելով, որ Ֆրանսա յանձնառու կը մնայ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան:

Խորհրդաժողովէն բխած վերջնական հաղորդագրութեան մէջ յայտնուեցաւ, որ Լիբանանի օժանդակ պետութիւնները յանձնառու կը մնան Լիբանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ անոր գերիշխանութեան պահպանումին:

Անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան իշխանութիւններուն` հաստատելով, որ անոնք նեցուկ կը կանգնին Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի ան կազմակերպէ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պէտք է Լիբանանը եւ անոր կայունութիւնը պաշտպանել Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած հրդեհներէն:

Լիբանանի օժանդակ պետութիւնները ողջունեցին վարչապետ Հարիրին եւ զայն հիմնական գործընկեր նկատեցին` Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով:

Անոնք դրուատեցին նաեւ Լիբանանի նախագահական համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ վերսկսիլ կառավարութեան աշխատանքներուն եւ որդեգրել ինզքինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ տեղահանուածներուն եւ գաղթականներուն տունդարձի կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լոտրիանի հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ Թիլըրսըն եւ Լոտրիան մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերէին Երուսաղէմին, Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին:

Թիլըրսըն յայտնեց, որ ամերիկեան դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելը կրնայ բաւական երկար ժամանակ խլել: Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմի մասին կատարուած յայտարարութիւնը Երուսաղէմի վերջնական կացութեան չի կրնար վերաբերիլ, որովհետեւ Երուսաղէմի ճակատագիրը կ՛որոշեն պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերը:

Թիլըրսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միակ ուժն է, որ իրաւունք ունի պաշտպանելու երկիրը:

Իր կարգին, Լոտրիան յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է յարգէ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը` Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստ . Պաղեստինցիներուն Եւ Պաղեստինեան Արդար Դատի Լուծման Զօրակցութիւն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Հայաստանը Եւ Լիբանանը Օսմանեան Կայսրութեան Գործադրած Ցեղասպանութեան Արհաւիրքները Ապրեցան»

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.