Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կամաւորը` Առողջ Մարդ

Դեկտեմբեր 9, 2017
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.

Կամաւոր աշխատանքի սահմանումը ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ հիմնուած է երկարատեւ հետազօտութիւններէ բխած եւ հաստատուած արդիւնքներու վրայ: Հոգեբանութեան գիտութիւնը, ի մասնաւորի, խորաթափանց վերլուծումներու ենթարկած է կամաւոր աշխատանքի երեւոյթը եւ կամաւոր ձեւով ծառայողներու անհատականութիւնները` յանգելու համար ժամանակակից նոր հասկացողութեան մը, ըստ որուն, կամաւոր աշխատանքը դրական ազդեցութիւններ կ՛ունենայ մարդ անհատին ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ եւ շատ յաճախ կը նպաստէ այս զոյգ առողջութիւններու անխախտ պահպանման:

Ճիշդ է եւ անժխտելի, որ կամաւոր աշխատանքը, առաջին հերթին եւ արդարօրէն, օգտակար կը դառնայ բարեսիրական հաստատութիւններու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ տարբեր կարիքներ ունեցող մարդոց` զանազան ձեւերով: Բայց այդ աշխատանքը ինքնին նոյնքա՛ն օգտակար է կամաւոր գործը յառաջ տանողին եւ անոր զգացական աշխարհին խաղաղութեան` տուեալ անհատին մէջ ստեղծելով ինքնարժեւորումի դրական պատկեր մը եւ անոր առթելով ինքնահամարումի բարձր զգացում. խօսքը, այս պարագային, կանոնաւոր ձեւով կամաւոր աշխատանք ծաւալող անհատներու մասին է, որոնց անանձնական վերաբերումն ու այլասիրութեան վրայ հիմնուած վարուելակերպը զիրենք զերծ կը պահէ գերճնշուածութենէ եւ կը բարելաւէ անոնց արդիւնաւէտ գործունէութեան մակարդակը:

Ըստ ուսումնասիրութիւններու, կամաւորներու մէջ տխրութենէ եւ անձկութենէ տառապելու հաւանականութիւնը կը նուազի, եւ անոնք հեռու կը մնան ֆիզիքական հիւանդութիւններէ, կ՛ապրին աւելի երկար եւ կեանքի տարբեր փորձառութիւններ կը դիմագրաւեն դրական եւ անվհատ ձեւով: Անշուշտ այս բոլորը կարելի է երաշխաւորել միայն այն ատեն, երբ տուեալ անհատները անկեղծօրէն այլասէր են եւ նուիրուած, բայց մանաւանդ` երբ ուրիշին օգնելու պատրաստակամութիւնը իրական է իրենց մէջ, եւ չ՛առաջնորդուիր ցուցամոլական կամ բռնազբօսիկ սովորամոլական մղումներով: Այլ խօսքով, կամաւոր աշխատողները իրենց գործը կը կատարեն սիրով, անհատական ճիգերու եւ կարողականութիւններու ամբողջական լարումով եւ ոչ` իրենց աւելորդ ժամանակը միայն տրամադրելով եւ կամ արդէն իսկ բարեկեցիկ իրենց առօրեային մէջ փոքր տեղ մըն ալ կամաւոր աշխատանքի յատկացնելով:

Ըստ էութեան, կամաւոր աշխատանքը գիտակից ճիգի եւ զոհողութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ ինքնակարգապահ մօտեցումով` քիչէն շատ ստեղծելու, չգոյութենէն առատութեան ձգտելու, չունեցածէն բաժին հանելու եւ կարեկից մօտեցումով այլ մարդոց հանգիստին եւ բարօրութեան նպաստելու:

Կամաւոր աշխատանքը մարդոց մէջ յատուկ արժեհամակարգ կը ստեղծէ. արժեհամակարգ, որ խարսխուած է անհատական եւ համամարդկային ազնիւ սկզբունքներու վրայ, համայնքին եւ միջավայրին օգտակար դառնալու անկեղծ ներմղումին վրայ, ուրիշին կարիքները հասկնալու եւ զանոնք գոհացնելու անխոնջ ճիգին վրայ եւ, ի վերջոյ, անհատական հաւաքական կեանքի առողջ հունաւորումին մէջ ներդրում ունենալու պատրասխանատու որոշումին վրայ:

Հետեւաբար մարմնով, մտքով եւ հոգիով առողջ կը դառնայ ա՛յն անհատը, որ կը հաւատայ կամաւոր աշխատանքին եւ կը լծուի անոր. աշխատանք, որուն առաջնահերթ նպատակը ուրիշներու ամբողջական առողջութիւնն է, անոնց կեանքի որակին բարելաւումը եւ հանգստաւէտ պայմաններու ապահովումը: Աշխատանք, որ անպայմա՛ն կը ստեղծէ բարերար ազդեցութիւն եւ կը պսակուի յաջողութեամբ:

 

 

Նախորդը

Բարիքը

Յաջորդը

Մեր Ազգային Հաւաքական Կեանքին Մէջ Լոյս Ու Յոյս Սերմանող Կամաւոր Աշխատանքը

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. hrayr jebejian says:
    7 years ago

    Շնորհակալութիւն այս շակեկան յօդուածին համար։ Կամաւոր աշխատանքը կարեւոր դեր ունի օգնելու նոյն կամաւոր աշխատանք տանող անհատին որ ինք իր անձէն դուրս կրնայ գալ եւ տեսնել «ուրիշը» որ տարբեր է իրմէ։ Տարբեր միտք է,մտածողութիւն եւ կենցաղ։ Եւ տակաւին ինչ՞ խօսք՝երբ կամաւոր աշխատանք կը տարուի տարբեր մշակոյթներու եւ լեզուներու եւ ժողովուրդներու մէջ եւ միչեւ՝ինչ որ ալ աւելիով նաեւ կ՚օգնէ մէկ կողմէ նոյն այս «ուրիշը» ճանչնալու բայց նաեւ գիտակցելու եւ արժէւորելու դուն քեզ եւ քու ինքնութիւնդ եւ ազգային մշակոյթդ։Եւ այս իմաստով՝կամաւոր աշխատանքը մեծապէս կը նպաստէ մարդոց եւ հաւաքականութիւններ իրար աւելի լաւ հասկնալու եւ սատար հանդիսանալու  մտածողութիւններ եւ մշակոյթներ կ՚ամրջուելու իրար հետ։Քաջալեր հանդիսանանք որ մեր նոր սերունդը գիտակցի կամաւոր աշխատանքի արժէքը եւ կարեւորութիւնը։Վարձգդ կատար այս իմաստով Շաղիկ։

    Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
    Ընդհանուր Քարտուղար՝Աստուածաշունչի Ընկերութեան Արաբական Ծոցի երկիրներու

    Reply

Leave a Reply to hrayr jebejian Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?