Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 4 դեկտեմբերին ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քլաար նշած է, որ Պաքու տուած այս այցելութիւնը իր առաջին այցելութիւնն է, մինչ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ ան այսուհետեւ յաճախ կ՛այցելէ Ազրպէյճան:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակած են նաեւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն եւ Արցախի տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին: