Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Շարունակուող Ապատեղեկատուութիւնը Եւ Զգօնութեան Հրամայականը

Դեկտեմբեր 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Ապատեղեկատուութիւնը կեղծ կամ ոչ արժանահաւատ տեղեկութիւնն է, որ կը տարածուի դիտումնաւոր: Այդ պատճառով է, որ հոմանիշ է եւ կը կոչուի երբեմն «սեւ քարոզչութիւն»: Անիկա արարք մըն է կեղծ յայտարարութիւնները եւ սուտը դիմացինին որպէս ճշմարտութիւն ներկայացնելու: Ապատեղեկատուութիւնը պէտք չէ շփոթել սխալ տեղեկատուութեան հետ, այն տեղեկատուութեան, որ անգիտակցաբար սխալ է:

Մենք` հայերս, ամէն տեղ եւ ամէն առիթի կը դիմագրաւենք ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆը` «սեւ քարոզչութիւն»-ը, «տեղեկատուական պատերազմ»-ը: Միւս կողմէ` ապատեղեկատուութիւն տարածողները քաջ գիտեն, որ պարզամիտ դիտողին վրայ որեւէ մէկ լուսանկար կամ տեղեկութիւն բնականաբար մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ առաջին հայեացքով:

Առ այդ, բոլորիս ծանօթ է, որ թրքական եւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութենէն մեծ ազդեցութիւն կը կրեն միջազգային լրատուական աղբիւրներ. բայց, կարծէք, հայ ժողովուրդին չեն բաւեր թրքական եւ ազրպէյճանական սուտերը, անոնց աւելցած է նաեւ քրտականը:

Այստեղ մեր ակնարկութիւնը կ’երթայ յօդուածին կցուած երեք լուսանկարներուն, որոնք տեղ գտած են «Թուիթըր» ընկերային ցանցի «Kurdish Culture» («Քրտական մշակոյթ») էջին վրայ,  եւ ներկայացուած` որպէս քրտական մշակոյթ եւ քիւրտերու պատկանող տեղեկութիւններ հաղորդող:

Առաջին լուսանկարին մէջ կը տեսնենք երեք փոքրիկներ, որոնք իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած են հայկական լաւաշը:

Նախ` լուսանկարը կը պատկանի 26 նոյեմբեր 2014-ին հայկական լաւաշի մասին տեղեկութիւն հաղորդած Ճափոն-Հայաստան կայքէջին` (http://japanarmenia.com/hy/art-making-lavash-put-unesco-world-intangible-heritage-list/):

Դեկտեմբեր 2016-ին եւս ազրպէյճանական մամուլին մէջ լուրեր կը շրջանառուէին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ լաւաշը հայկական մշակութային տարր ճանչնալու մասին որոշումը մերժելու եւ փոխարէնը` ազրպէյճանական յայտը ընդունելու վերաբերեալ, սակայն, ինչպէս միշտ, այս լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Ինչպէս ըսինք, թուրքեր եւ ազրպէյճանցիներ կարծէք չէին բաւեր, քիւրտերն ալ սկսան լաւաշը իւրացնելու փորձեր կատարել:

28 նոյեմբեր 2016-ին Եթովպիոյ մէջ մեկնարկած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան միջկառավարական կոմիտէի 11-րդ նստաշրջանի ընթացքին քննարկուած են մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկերուն մէջ արձանագրելու համար ներկայացուած յայտերը, որոնց մէջ` Ազրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ ներկայացուած «Տափակ հաց պատրաստելու եւ հիւրասիրելու մշակոյթ. լաւաշ, քաթըրմայ, ժուփքա, եուֆքա» համատեղ յայտը:

Մեր տեղեկութիւններով, վերը նշուած յայտը ներկայացուած է 2015-ին` իբրեւ պատասխան Հայաստանի կողմէ աւելի առաջ ներկայացուած եւ 2014 թուականին կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին ընդունուած «Լաւաշ, աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» յայտին:

30 նոյեմբեր 2016-ին կոմիտէն քննարկելով վերոնշեալ համատեղ յայտը` իր որոշման մէջ յղում ըրած է Հայաստանի կողմէ ներկայացուած յայտի առնչութեամբ 2014 թուականին ընդունուած որոշման` հաստատելով, որ` «տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ ապրող համայնքները կը կիրարկեն յայտին մէջ ներկայացուած «տափակ հաց»-ի տեսակները»: Այդպիսով, կոմիտէն կոչ կ՛ընէ յայտը ներկայացնող երկիրներուն` տուեալ տարրի պահպանման միջոցները իրականացնելու ատեն հաշուի առնել տարրի աւելի լայն մշակութային ընդգրկումը տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս:

Ուստի կոմիտէն իր որոշումով կը փաստէ, որ համատեղ յայտին մէջ նշուող տարրի արձանագրումը չ’ենթադրեր, որ անիկա բացառիկ է, այլ կը կիրարկուի նաեւ «տարածաշրջանին մէջ եւ անկէ դուրս», իսկ «տափակ հաց»-ի տեսակներէն մէկը` լաւաշը, դեռ 2014 թուականին ընդգրկուած է ներկայացուցչական ցանկին մէջ` իբրեւ Հայաստանի մէջ կիրարկուող տարր:

Ըստ քրտական եւ այլոց մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան, կոմիտէն 2014 թուականին չէ մերժած Հայաստանի կողմէ 2013 թուականին ներկայացուած յայտը: Անիկա ընդունուած է 26 նոյեմբեր 2014-ին, կոմիտէի 9-րդ նստաշրջանի ընթացքին, անցնելով սահմանուած ընթացակարգային փուլերը:

Երկրորդ լուսանկարը կը պատկանի երկու ֆետայի հայուհիներու: Այս լուսանկարին գոնէ անձամբ ծանօթ եմ. տարիներ առաջ, երբ հետազօտական աշխատանք կը տանէի կարեւոր մէկ աշխատութեանս ընթացքին, Միացեալ Նահանգներ գտնուող արուեստագէտ բարեկամներէս մէկը ինծի այս լուսանկարը ուղարկեց: Լուսանկարը տակաւին տարածուած չէր համացանցի վրայ: Բարեկամս տեղեկացուցած էր, որ լուսանկարին մէջ տեսնուող հայորդուհիներէն մէկը իր մեծ մօր քոյրն է: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ լուսանկարին հետ առնչուած հաղորդած էր նաեւ այլ վկայութիւններ:

Իսկ երրորդ լուսանկարին` Արարատի մասին, թէ որո՛ւ կը պատկանի, արդէն աւելորդ կը տեսնենք մեկնաբանութիւն ընելը: Այստեղ, սակայն, յարմար կը նկատենք յիշատակել հայու ինքնութիւնն ու խորհրդանիշը հանդիսացող Արարատին նուիրուած հազարաւոր բանաստեղծութիւններէն ընտրուած երկու բանաստեղծութիւններու հատուածներ միայն. առաջինը կը պատկանի հայր Ղեւոնդ Ալիշանին, իսկ երկրորդը` Պարոյր Սեւակին:

Լուսավարար Արարատ…
Պայծառ ես դու, հրակէզ,
Հրապսակ ու կանգուն-
Արդար դրօշ հայութեան,
Անխաբ վկայ, Արարատ:

***

Երկնքից առկախ մի լեռնակղզի` Հայաստան աշխարհ:
Երկնքից առկախ այդ լեռնակղզու ուղիղ կենտրոնում`
Երկու զանգ հսկայ ու անձեռագործ:
Անունն` Արարատ կամ ` Սիս ու Մասիս:

***

Արդարեւ, քրտական եւ օտար մամուլի որոշ ներկայացուցիչներ եւ տուեալ էջին հետեւորդներ արագօրէն հրապարակած են` լրագրողական հարթութեան վրայ հետաքրքրաշարժ «նորութիւն» յայտնաբերելու մտադրութենէն մեկնելով: «Թուիթըր»-ի հերոսը փաստօրէն հարուածած էր իր ճշդած թիրախը:

Բեմագրութիւնը բնականաբար ընթացած է ծրագրուած ձեւով: Տարածել լրատուութիւնը եւ մեծ թիւով հետեւողներուն տեղեկացնել, որ այս լուսանկարներուն մէջ ներկայացուած անձերը քիւրտեր են:

Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ ապատեղեկատուութիւն տարածելու աշխատանքը զուրկ է հաւաստի տեղեկութիւն հաղորդելէ, լրագրական բարոյագիտութենէ, եւ վերջին շրջանին ապատեղեկատուութիւն տարածելու իրողութիւնը մեծ ոստում արձանագրած է ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Հայութեան թշնամիներն ու ոչ բարեկամները, տեղին ու պարագային համեմատ, մանաւանդ երբ ականատես կ’ըլլան մեր շարքերու թուլութեան, հնարաւոր ամէն սադրանքի կը դիմեն մեր ներքին ճակատը քայքայելու, հաւաքական մեր կամքը ջլատելու եւ պայքարի մեր կորովը չէզոքացնելու համար:

Ինչ կը վերաբերի հայկական լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն: Ապա անհրաժեշտ է, որ անոնք այս տեսակի նիւթերը անմիջապէս լուսարձակի տակ առնեն եւ տարածեն: Այլ խօսքով, պարտին համացանցային ծառայութիւններու ճամբով տարածել այս ապացոյցը, հերքումը եւ յստակացումը ու ոչ թէ տարածել անհիմն եղող մեկնաբանութիւնները` նշեալ լուսանկարներուն կցուած, մանաւանդ որ վերջին օրերուն բազմիցս կ’արծարծուի եւ կը քննարկուի թշնամիի, հակառակորդի եւ ոչ բարեկամներու ապատեղեկատուութեան ծուղակներուն մէջ չիյնալու եւ հետզհետէ ծաւալող այս մարտահրաւէրը միասնաբար դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:

Վերջապէս, քանի որ հայութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէր մը, որուն անունն է ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ` «սեւ քարոզչութիւն», «տեղեկատուական պատերազմ», ուրեմն խիստ կարեւոր է հետզհետէ ծաւալող ապատեղեկատուութիւն արտադրող լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն (գրութիւններ, պատկերներ, հնչիւնային նիւթեր եւ տեսահոլովակներ) եւ անոնց քարոզչամեքենաներուն ծուղակը չիյնալու զգօնութեան հրամայականը:

 

 

Նախորդը

Մայրս` Տիեզերք

Յաջորդը

Փերուի Մէջ Գեղեցկուհիներու Իւրայատուկ Հակազդեցութիւնը` Կիներու Նկատմամբ Կատարուած Բռնութիւններուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?