Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չկատակենք. Ինչո՞ւ Չեն Հասկնար…

Դեկտեմբեր 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Մ.

Միացեալ Նահանգներու թէ աշխարհի ժողովուրդները դժբախտ են, դժուարութիւն ունին հասկնալու Տոնըլտ Թրամփն ու անոր բարի կամեցողութիւնները:

Եւ արդեօք նախագահի մը համար կա՞յ աւելի խոր ցաւ, քան զգալ, թէ իր հպատակները չեն հասկնար իր բարի սիրտն ու ցանկութիւնները, տեսնել, որ մարդոց անհասկացողութիւնը դուռ կը բանայ հազար ու մէկ քննադատութեան:

Տեսնելու եւ ըմբռնելու համար նախագահին բարի նպատակները, եկէ՛ք, պատասխաններ գտնենք հետեւեալ հարցումներուն.

Ի՞նչ նպատակով է, որ կը կարծէք, նախագահն ու իր բարեմիտ գործակիցները ձեռնարկած են (այլապէս ձախաւեր) «Օպամա-քեր»-ը ջնջելու կամ շահատուրքերու նոր դրութիւն մը օրինականացնելու: Քննադատները միայն մեղադրանքներ կը տեղացնեն` ըսելով, որ միլիոնաւորներ պիտի զրկուին առողջական ապահովագրութենէ, իսկ շահատուրքի նոր օրէնքէն առաւելագոյն օգտուողները պիտի ըլլան հսկայ ընկերութիւններն ու միլիոնատէրերը: Քննադատները պարզապէս կարճատես են. անոնք չեն տեսներ, որ նախագահը ամբողջ ժողովուրդը կը մղէ… հարստանալու եւ միլիոնատէր դառնալու: Եթէ մարդս միլիոններ ապահովէ, ալ ի՞նչ պէտք ունի մտահոգուելու առողջապահական-դեղի «մանր» ծախսերով, մանաւանդ որ շահատուրքն ալ պիտի նուազի: «Ամերիկեան երազ»-ի այս երկրին մէջ դժուա՞ր է հարստանալը: Ո՛չ, հազա՛ր անգամ ոչ: Տեսէ՛ք իր բարի օրինակը: Կարելի է շահատուրքերէ խուսափիլ, կարելի է սնանկացած ձեւանալ եւ զերծ մնալ նիւթական պարտաւորութիւններէ, կարելի է օգտուիլ դրամագլուխները այլ երկնակամարներու տակ «ապահով գօտիներ»-ու` տուրքէ զերծ հաշիւներու մէջ պահելէ (օֆ-շորային հասկացողութիւնը հայկական ծագում չունի ի վերջոյ), մէկ խօսքով, կարելի է հազար ու մէկ տեսակի խաղ խաղալ, որովհետեւ այդ խաղերը օրինականացնելու հազար ու տասներկո՛ւ ձեւ գտնուած է վերջին 30-40 տարիներուն: Նախագահը ա՛յս է, որ կ՛ուզէ ցոյց տալ ժողովուրդին ու զանոնք մղել, որ հարստանան, ձերբազատին մանր հոգերէ, իսկ մարդիկ կը տեսնեն միայն ժխտական կողմերը…

Աշխարհի տարածքին, պետական պատասխանատուներ ու ժողովուրդներ դժուարութիւն ունին հասկնալու հանճարեղ նախագահը: Չեն գիտեր, որ ան գիշեր-ցերեկ կը մտածէ իրենց զուարճալի զբօսանք պարգեւելու միջոցներու մասին: Սպիտակ տան մէջ նկատած են, որ քունը կորսնցուցած է, իսկ եթէ քնանայ, կ՛երազէ մարդոց զբաղմունք գտնելու մասին, եւ երբ առաւօտուն արթննայ, առաջին գործը կ՛ըլլայ գործի կոչել «սոխակը» (Tweeter), որմէ կախեալ է հիմա ամբողջ աշխարհը: Օր մը քմծիծաղի թիրախ կը դարձնէ Հիւսիսային Քորէայի նախագահը, զայն կը կոչէ գաճաճ-գիրուկը կամ շան լակոտ,  ուրիշ օր մը խրատներ կը պարգեւէ Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի, որ իր աչքին գերանը չի տեսներ, այլ` Թրամփի աչքին շիւղը, իսկ եթէ դուրսերը «յաճախորդ» չգտնէ, ռատարները կ՛ուղղէ ներքին քաղաքական հակառակորդներուն կամ գործակիցներու. խորհրդարանականներ ու նախարարներ անգամ զրկուած են «անձեռնմխելիութենէ», ինչպէս պատահեցաւ «Փոքահոնթաս» յորջորջումին արժանացած Էլիզապէթ Ուորընի, իսկ Ռեքս Թիլըրսըն եւ ուրիշներ կարգի կանգնած են ակնդէտ, թէ ե՞րբ պիտի գեղգեղէ զիրենք պաշտօնէ արձակող «սոխակ»-ը:

Այս եւ նման բարենպատակ հնարքներով, Թրամփ ժողովուրդը զերծ կը պահէ ցաւալի ու տագնապալի հարցերով տառապելէ. ինչո՞ւ պէտք է մտահոգուինք, թէ ինչպիսի՛ ողբերգութիւններ կ՛արձանագրուին Եմէնի, Միանմարի կամ ափրիկեան այս ու այն երկրին մէջ: Ինչո՞ւ մարդոց սիրտերը ցաւցնել հազարաւոր մղոններ հեռու ջարդուողներով ու աւերումներով, երբ կարելի է ցնծութիւն տարածել զէնքի առեւտուրի հսկայագումար պայմանագրութիւններով

Իրա՛ւ, ինչո՞ւ չեն հասկնար այս բարեմիտ մարդը, որուն պէտք է ամէն օր նոր ու բարի երազներ մաղթել:

 

 

Նախորդը

Շրջապտոյտ Դէպի Հայաստան. «Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնադրամ»-ի 50-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Հրատարակուած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Քահանայի Մը Օրագիրը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?