Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Հակահայկական Յօդուածներէ Բաղկացած Պատմազեղծարարութեան Հերթական Օրինակը

Դեկտեմբեր 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ «Փանտորա» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է քանի մը թուրք պատմազեղծարարներու հեղինակած յօդուածներու ժողովածուն` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան ներկայացուցիչներէն Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` հիմնուելով յիշեալ հրատակչութեան պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ:

Աղբիւրին համաձայն, «1915-ով կաշկանդուած պատմութիւնը» վերնագիրը կրող սոյն գիրքի յառաջաբանին մէջ խմբագիր Ֆերուտուն Աթան կը գրէ, որ` «Մինչ 1915 թուականը Թուրքիոյ տնտեսական ու մշակութային կեանքին մէջ միշտ բարձր դիրք գրաւած հայերը, օսմանեան պետութեան թուլացման զուգահեռ, օգտագործուած են մեծ տէրութիւններուն կողմէ, որոնք հայերը հրահրած են օսմանեան իշխանութիւններուն դէմ»: «Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ, երբ օսմանեան պետութիւնը կենաց-մահու պայքար կը մղէր, հայերու մէկ մասը, պետութեան թշնամիներուն հետ համագործակցելով, անդառնալի գործողութիւններու ձեռնարկած եւ անպաշտպան մարդոց դէմ կոտորածներ իրականացուցած են: Սոյն գիրքին մէջ խիստ արժէքաւոր յօդուածներու հեղինակ ուսումնասիրողները, սկզբնական շրջանէն մինչ օրս թուրք-հայկական յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, նպատակադրուած են իրենց նպաստն ունենալ այս ոլորտին մէջ տեղի ունեցած ուսումնասիրութիւններուն», մասնաւորապէս կը գրէ Ֆերուտուն Աթան:

Յիշեցնենք, որ 1919-1921 թուականներուն երիտթուրքերու դատավարութեան թեմային եւս անդրադարձած այս պատմազեղծարարը 2005-ին Թուրքիոյ մէջ տպագրուած «Տեղահանութեան դատավարութիւնները գրաւեալ Պոլսոյ մէջ» վերնագիրով իր աշխատութեան մէջ փորձ  կ’ընէր խեղաթիւրել նաեւ դատաքննութիւններուն առնչուող բազմաթիւ փաստեր կամ այլ մեկնաբանութիւններ տալ անոնց: Ֆերուտուն Աթայի վերոյիշեալ աշխատութեան վերնագիրն անգամ բաւարար է ցոյց տալու համար, թէ ի՛նչ նպատակ հետապնդած են Թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը եւ գիրքին հեղինակը` այս մենագրութիւնը հրատարակելով: Վերնագիրով իսկ ընդգծուած է, որ սոյն դատաքննութիւններն իրականացուած են Դաշնակից պետութիւններու, յատկապէս` Մեծն Բրիտանիոյ ճնշման տակ, որոնց վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր Պոլիսը տուեալ ժամանակաշրջանին: Հարկ է նշել, որ անկախ այն փաստէն, որ տուեալ ժամանակաշրջանին Թուրքիան կախեալ եղած է մեծ տէրութիւններու կամքէն, այս դատավարութիւնները կայացած են օսմանեան կառավարութեան եւ սուլթանի որոշումին համաձայն, եւ դատաքննութիւններու փաստաթուղթերը բացարձակապէս չեն կորսնցներ իրենց վաւերականութիւնը: Վերոյիշեալ մենագրութեան մէջ Ֆերուտուն Աթան միտումնաւոր կերպով ուշադրութիւն չի դարձներ այն փաստին, որ այս դատական գործերը յարուցուած են ոչ միայն հայերու տեղահանման (Tehcir), այլ նաեւ` զանգուածային կոտորածներու (Taktil) մեղադրանքով: Բացի այդ` Ֆերուտուն Աթան այս դատաքննութիւններուն կ՛անդրադառնայ միայն պաշտօնական պատմագրութեան ձեռնտու դիտանկիւններէն` աղաւաղելով բազմաթիւ փաստեր: Օրինակ` ան կը պնդէ, որ թէ դատական նիստերու մէջ մեղադրեալներու դէմ ուղղուած ցուցմունքներով հանդես եկած են միայն ազգութեամբ հայ վկաները, որոնք ուղղորդուած են վրէժխնդրութեան զգացումով: Օսմանեան կայսրութեան տարբեր շրջաններու հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու դատաքննութիւններու նիստերուն հանդէս եկած են ոչ միայն հայ, այլեւ բազմաթիւ թուրք եւ այլազգի, նոյնիսկ նախարարի եւ նահանգապետի մակարդակով  թուրք բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ: Թուրք եւ օտարազգի վկաներու առատութեամբ յատկապէս աչքի ինկած է Տրապիզոնի հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու դատավարութիւնը:

Այսպիսով, կարելի է ենթադրել, որ Ֆերուտուն Աթայի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «1915-ով կաշկանդուած պատմութիւնը» յօդուածներու ժողովածուն եւս  պատմազեղծարարութեան հերթական օրինակն է, որուն նպատակն է ոչ թէ պատմութեան իրական դէպքերը վերլուծել, այլ` թրքական պաշտօնական պատմագրութեան յատուկ կերպով պատմութիւնը խեղաթիւրել:

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Հրատարակուած Է Ցեղասպանութենէն Փրկուած Հայ Քահանայի Մը Օրագիրը

Յաջորդը

Մայրս` Տիեզերք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?