Շաբաթ, 2 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր այցելեց Հարաւային Քորէայի փինկ փոնկի մէկ պատուիրակութիւնը, որ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն հետ:
Այցելուներուն կ՛ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանը, որ մրցումներու ալ մասնակցեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն հետ եւ բաւական լաւ տպաւորութիւն ունեցաւ անոնց ունեցած յատկութիւններուն մասին:
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Հարաւային Քորէայի փինկ փոնկի ազգային խումբին մարզիչը:
Հարաւային քորէացիները դիմաւորեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներ Րաֆֆի Մումջողլեան եւ Յակոբ Չպլաքեան:
Աւարտին, Մումջողլեան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց դեսպանին եւ մարզիչին: