Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները` Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ Անսարի դաշտին վրայ երէկ մրցեցաւ Հուտա խումբին դէմ, ունեցաւ յաղթական սկիզբ մը` արձանագրելով 2-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը նշանակեց Ատիպ Արքաֆի, իսկ երկրորդը` Շանթ Գարատոլեան:
ՀՄԸՄ իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ ուրբաթ, 8 դեկտեմբերին, երբ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին Շարքի դաշտին վրայ կը մրցի Նըսուր Ալէյի դէմ: