Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ կատարած իր մրցումին, շաբաթ, 2 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) 9-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժամհուրը:
Աւօ Տոնպուրեան հեթրիք մը իրագործեց, Սերժ Մելիքեան եւ Ներսէս Քիւլխանճեան նշանակեցին երկուքական կոլ, իսկ Սերժ Տօնապետեան եւ Վաչէ Ղուկասեան` մէկական կոլ: