Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք նախորդ շաբաթավերջին ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի միջազգային իրաւարարներու հետ` լսելու համար անոնց մտահոգութիւնները մանաւանդ ինչ կը վերաբերի ֆետերասիոնէն անոնց գանձելիք գումարներուն:
Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ յոյն միջազգային հսկող Սթելիոս Քոքոլաքիտիս:
Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը յոյս յայտնեց, որ այս տօնական օրերուն առիթով անոնք ֆետերասիոնէն կը ստանան իրենց նիւթական իրաւունքները: