– Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ
Չկրցան Յաղթել
– Վալենսիա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն
Պարտուեցան
Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին (15-րդ հանգրուան), Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արսենալի դաշտին վրայ:
Եունայթըտէն դարձեալ բացակայեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, մինչ Եունայթըտէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Փոլ Փոկպա:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Մանչեսթըր Սիթի, Չելսի եւ Լիվըրփուլ:
Իտալիոյ մէջ (15-րդ հանգրուան), շաբթուան գագաթի ճակատումին Նափոլի 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իր հիւրէն` Եուվենթուսէն, նահանջեց 2-րդ դիրք, իր տեղը զիջելով Ինթեր Միլանին, որ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Քիեւօ Վերոնային:
Յաջորդական 14 պարտութիւններէ ետք, Պենեւենթօ ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին կէտը, երբ իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ:
Սպանիոյ մէջ (14-րդ հանգրուան), մինչ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ հաւասարութիւններ արձանագրեցին, յաջորդաբար` Սելթա Վիկոյի (2-2) եւ Աթլեթիքօ Պիլպաոյի (0-0) դէմ, անդին Վալենսիա կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` Կեթաֆէի դաշտին վրայ (1-0):
Պարսելոնայի կոլերը նշանակեցին Լիոնել Մեսսի եւ Լուիս Սուարեզ:

Ռէալ Մատրիտէն Սերճիօ Ռամոս նոր մրցանիշ մը հաստատեց, երբ 19-րդ անգամ ըլլալով կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Գերմանիոյ մէջ (14-րդ հանգրուան), Պայէրն Միւնիխ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Հանովըր-96-ին:
Ֆրանսայի մէջ (16-րդ հանգրուան), Սթրազպուրկ յաջողեցաւ դառնալ առաջին խումբը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել իր հիւրը` Փարիզ Սեն Ժերմենը, 2-1 արդիւնքով: