Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 2 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը կը մրցի Ժամհուրի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կատարելիք այս երկրորդ մրցումին ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել: