«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Աթլանթայի մէջ Հոքս 121-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Քլիվլենտ Քաւալիրզէն:
Քաւալիրզի համար այս յաղթանակը եղաւ յաջորդական 10-րդը:

Ասկէ բացի, Քաւալիրզէն Լեպրոն Ճէյմս, որ նշանակեց 24 կէտ, դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկներէն 10-րդը` իր նշանակած ընդհանուր կէտերուն հաշիւը բարձրացնելով 10.660-ի:
Երէկուան այս մրցումին Ճէյմսի խմբակից Քեւին Լովէ նշանակեց 25 կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս արձանագրեց իր 19-րդ յաղթանակը` իր դաշտին վրայ 108-97 արդիւնքով յաղթելով Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզին: Քիրի Ըրվինկ (Սելթիքս) նշանակեց 36 կէտ:
Տենվըրի մէջ, Նակեթց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 111-110 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ուիլ Պարթըն նշանակեց 37 կէտ:
Միլուոքի Պաքս103-91 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դաշտէն, մինչ հինգերորդ եւ վերջին մրցումին, Լոս Անճելըս Քլիփըրզ իր դաշտին վրայ 126-107 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եութա Ճեզէն:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք ամէնէն քիչ (3) յաղթանակը արձանագրած է Շիքակօ Պուլզ: