Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ. «Մինսքի Խմբակի Համանախագահութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Լիազօրութիւն Ունեցող Միակ Միջազգային Ձեւաչափն Է»

December 2, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարները որդեգրած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման գործին մէջ միջնորդներու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ջանքերուն սատարելու մասին յայտարարութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը` ի դէմս Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, համապատասխան լիազօրութիւն ունեցող միակ միջազգային կառոյցն է, որուն առաքելութիւնն է կողմերուն աջակցութեան ցուցաբերումը` հասնելու ղարաբաղեան տագնապի լուծման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով: Համանախագահող երեք պետութիւններու ջանքերուն շնորհիւ, իբրեւ խնդիրի լուծման հիմք, մշակուած է ամբողջականութիւնը սկզբունքներու եւ տարրերու, որոնք արտացոլուած են Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միացեալ յայտարարութեան մէջ», նշած են ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներուն ղեկավարները:

ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները` հաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծումը, կը յայտնեն իրենց աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` տագնապի լուծման ուղղուած ջանքերուն` հիմք ընդունելով միջազգային իրաւունքի արժեչափերը եւ սկզբունքները, որոնք գոյութիւն ունին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին մէջ, մասնաւորաբար վերաբերելով ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու ինքնորոշման եւ իրաւահաւասարութեան:

«Մենք հանդէս կու գանք ի նպաստ 2016-2017 թուականներուն Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովներուն ղարաբաղեան խնդիրով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, որոնք ուղղուած են զինադուլի պահպանման, տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան թուլացման ու բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման համար լրացուցիչ միջոցներու ձեռնարկման, ինչպէս նաեւ իրավիճակի մագլցում չարտօնելուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը որդեգրուած է Մինսքի մէջ 30 նոյեմբերին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին ընթացքին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

Յաջորդը

Արցախ Այցելած Չորս Թուրք Մտաւորականներու Նկատմամբ Հետաքննութիւն` Նաեւ Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.