Մասնակցութեամբ 20 ինքնաշարժներու, Պէյրութի կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Տրիֆթի ցուցադրական իւրայատուկ մրցում մը` մասնակցութեամբ 20 ինքնաշարժներու, նուիրուած` Լիբանանի անկախութեան տօնին:
Տրիֆթի այս մրցումը կազմակերպած յանձնախումբի նախագահ Հիշամ Սաատ յայտարարեց, որ նմանօրինակ ցուցադրական մրցումներ տեղի կ՛ունենան յատուկ վայրերու մէջ, որոնք կ՛ըլլան ցանկապատուած եւ փակ` յիշատակելի պահեր անցընելու համար:
Ան զգուշացուց բոլոր վարորդները եւ երիտասարդները, որպէսզի այսպիսի ցուցադրական մրցումներ չկատարեն ճամբաներու վրայ եւ չվտանգեն մարդոց կեանքերը:
Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Պէյրութի քաղաքապետութեան, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս մրցումին իրագործման եւ յաջողութեան:



