«Ռապիէ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ կիրակի, 3 դեկտեմբերէն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դպրոցական մրցաշարք մը:
Այս մրցաշարքը կազմակերպուած է «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան կողմէ եւ անոր հովանաւորն է Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանը:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի ֆութսալի ֆետերասիոնի յանձնախումբի անդամ Տորի Զախխուր, մասնակցող վարժարաններուն մարզական պատասխանատուները եւ մարզական լրագրողներ:
Բացման խօսքին մէջ Ճենիֆըր Ամուրի ըսաւ, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունենալիք այս երկու մրցաշարքերուն կը մասնակցին հետեւեալ 19 վարժարանները:
«Պես. Ճի. Պի.» Ռապիէ, Սեն Ժոզեֆ Սքուլ, Ճիզըս Էնտ Մէյրի, Լուէյզի, Սանթրալ, Ինթըրնեշընըլ Քոլեճ, Ամերիքըն Քոմիւնիթի Սքուլ, Ֆրանսական-Բողոքական դպրոց, Քալպէյն Աքտաս-Զահլէ, Սաժես-Հայ Սքուլ, Շանվիլ, Սաժես Պրազիլիա, Սապիս Ինթըրնեշընըլ Սքուլ, Ժամհուր, Մար Եուսեֆ-Այնթուրա, Լուիզ Ֆիկման, Հարիրի Հայ Սքուլ, Ռըսոլ եւ Սենթ Ֆամի-Զալքա:
Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը, ֆութսալի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Թարեք Ապպուտ եւ մարզիչ Ռըզքալլա Զալհուպ յաջողութիւն մաղթեցին այս առաջին մրցաշարքին բոլոր մասնակցողներուն: