Վերջին երեք տարիներուն երկրորդ անգամ ըլլալով, Պէյրութի ֆութպոլի ակադեմիան հանդիսացաւ Լիբանանի 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան ախոյեան` աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անսարի:
Յաղթական խումբին դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին աւարտէն ետք, ախոյեան կազմը իր տիտղոսը ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ուաէլ Շեհայէպէն:
Պէյրութի ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահ Զիատ Սաատէ շնորհաւորեց իր կազմը եւ խումբին մարզիչը` Գէորգ Կարապետեանը, անոնց մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ: